Միայն թէ…

Տարի մը առաջ ստորագրուեցաւ հայոց պատմութեան ամենածանր պետական-իրաւական փաստաթուղթերէն մին, որով վերջ գտաւ Արցախի երկրորդ՝ 44-օրեայ պատերազմը։ Ծանր պարտութեան տակ ընկճուած է ամբողջ հայութիւնը։ Սա պարտութիւն է, միանշանակ, բացարձակապէս չունի չքմեղանք։ Առաջին անգամ չէ՝ դառն իրականութեան հետ առերեսումը։ Տագնապը կաթուածահար դարձուցած է ամբողջ ազգ մը։

Անցեալ մէկ տարին բնորոշուած է ցնցումով ու քաոսով։ Քաղաքական բեւեռացումներն ու ծայրայեղութիւնները կը խոչընդոտեն իրատեսութիւնն ու նպատակասլաց ընթացքը։ Պատմութիւնը պետութիւններուն միշտ կը բերէ մակընթացութիւն ու տեղատուութիւն։ Իւրաքանչիւրը պէտք է սթափ գնահատել՝ յարատեւութեան համար։ Հայկական քաղաքական վերնախաւի խօսոյթը յոյս կը ներշնչէ՞։ Աւելորդ է խօսիլ Հայաստանի իշխանութեան մասին, յաճախ նաեւ մտահոգիչ է ընդդիմութեան ընթացքը։ Թափթփած սփիւռքի մատնուած շուարումն ալ, իր հերթին։

Արժանապատուութեան ճառեր, իրաւունքներու համար անզիջում կոչեր, մեղադրանքներ, կարմիր գիծեր ու տակաւին ինչեր, որոնք յօդս կը ցնդին միայն։ Ամէն ճկունութիւն ներելի է, ամէն սակարկութիւն թոյլատրելի, նոյնիսկ զիջումը արդարանալի։ Այսօր չկայ խաղաքարտերու ճոխութիւն…

Այսօր միակ նպատակը, նուիրակա՛ն, հայոց պետականութեան գոյութիւնը փրկելն է, որովհետեւ պետականութեան կորուստէն անդին պիտի չմնան արժանապատուութիւն, որեւէ իրաւունքի համար երաշխիք, ազգային շահ ու ժառանգութիւն, ո՛չ ալ կարմիր գիծեր ունենալու տեսական կարելիութիւն։ Պետականութեան կորուստով խաչ կը քաշուի հայութեան վրայ ու վերջ։ Այսքան պարզ է, եթէ չըլլայ համապատասխան ու համարժէք դիրքաւորում…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021