ՃՊՈ՞Տ, ՍԼԱ՞Ք, ԹԷ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑ…

Տեղափոխութիւնը միշտ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է մարդկային կեանքին մէջ։ Վաղեմի հռետորական հարցադրում մըն է, թէ շատ կարդացածը՞ գիտէ կամ շատ պտտածը… Կա՛մ-կամը միշտ աւելի արմատական է՝ քան ե՛ւ-եւը… Այս պարագային կարծես սլաքը կը սահի դէպի երկրորդը. ինչո՞ւ հրաժարիլ մէկէն կամ միւսէն, երբ անոնք զիրար կը լրացնեն։

Թէեւ կեանքը ինքնին ուղեւողութիւն մըն է, սակայն, սահմանումը անկարելի։ Ճամբորդութիւնները միշտ նոր դռներ կը բանան՝ կեանքը տարբեր ծալքերով ընկալելու կամ անոր զանազան երեսակներուն անդրադառնալու համար։ Այն վայրերը, որոնք կը յայտնուին անձի մը կեանքի ճանապարհորդութեան վրայ, միթէ նոյնը՞ կ՚ըլլան բոլոր ժամանակներուն, նոյնիսկ օրը ցերեկով, երեկոյեան կամ գիշերը։ Այդ վայրերու ծանօթ, բարեկամներն ալ նոյնը չեն ըլլար բոլոր եղանակներուն, նոյնիսկ օրը ցերեկով, երեկոյեան կամ գիշերը։ Այս յարաբերականութիւնը տանելի, նոյնիսկ հաճելի է՝ քանի անհատական բացայայտումներու առիթ կը դառնայ, միապաղաղութիւնը կ՚անդրանցէ։ Ուղեւորութիւնը վերանորոգ է, կենսունակութիւն է՝ քանի առաջին հերթին շփում ու ծանօթութիւն կ՚ենթադրէ։ Ճիշդ է, որ մարդ ներաշխարհին մէջ առանձին է, սակայն, յարաբերութիւնը կը սնէ այդ նոյն ներաշխարհը. յարաբերութիւն՝ անձի, վայրի, մշակոյթի, կենցաղի, արուեստի, բնութեան կամ ամէն ինչի հետ։

Տեղափոխութիւնը, ըստ էութեան, երկու առանցք ունի՝ թէեւ ոչ իրարմէ բոլորովին տարանջատուած։ Առաջին՝ մարդ կը տեղափոխէ ինքզինքը, երկրորդ՝ կեանքի ընթացքը կը տեղափոխէ մարդը։ Երկուքի պարագային ալ մարդը կրաւորական չէ, որովհետեւ տեղափոխութեան ենթական է՝ անկախ տեսակէն կամ բնոյթէն։ Այլ խօսքով՝ մարդը, ըստ էութեան, ուղեւոր մըն է։

*

Աշխարհի մեծ քաղաքները հիմնուած են գետերու կամ լիճերու ափին, ձորերու մէջ եւ այլն։ Անոնց բնակիչները շարունակ կը տեղափոխուին տուեալ լճի կամ գետի ափերուն կամ մէկ բլուրէ միւսը… Քաղաքաշինութեան ամբողջ տրամաբանութիւնն ալ խարսխուած չէ՞ տեղափոխութեան հիմքի վրայ. կամուրջներ, ճանապարհներ, գետնանցումներ… Տակաւին չխօսինք փոխադրամիջոցներու մասին։ Տեղափոխութեան տրամաբանութիւնը կեանքը այնպէս մը կլանած է, որ հասանելիութիւնը քաղաքաշինութեան առանցքը դարձած է։

Պոլսոյ բնակչութեան մեծամասնութիւնը ամէն օր կը տեղափոխուի այս ծովեզերեայ քաղաքի երկու ափերուն։ Սա եզակի պարագայ մըն է, որովհետեւ ծովու հանդիպակաց ափերուն տեղափոխութիւնը, խորքին մէջ, կը նշանակէ երկու ցամաքամասի՝ Եւրոպայի եւ Ասիոյ (կամ հակառակը) միջեւ երթ ու դարձ։ Մարդիկ ծովը կը հատեն արշալոյսին, օրը ցերեկով, մայրամուտին կամ մութին եւ թէ բոլոր եղանակներուն։ Աւելի՛ն, գործնականին մէջ սա կը նշանակէ Եւրոպայի եւ Ասիոյ (կամ հակառակը) միջեւ տեղափոխուիլ՝ արշալոյսին, օրը ցերեկով, մայրամուտին կամ մութին եւ թէ բոլոր եղանակներուն։

Չէ՞ որ, ճանապարհորդութիւնները միշտ կ՚ենթադրեն նաեւ անցումներ։ Թէեւ ցամաքամասերու միջեւ տեղափոխութիւնը առ հասարակ արտասովոր է, բայց եւ այնպէս, ո՞վ կրնայ պնդել, թէ երկրագունդի վրայ արտասովոր երեւոյթները ոմանց համար չեն կրնար ըլլալ ընթացիկ։

*

Պոլիս-Նիւ Եորք երկարատեւ թռիչքին կը մտածեմ, թէ այս ճամբորդութիւնը արտասովոր է, միանշանակ։ Եթէ նոյնիսկ ցամաքամասերու միջեւ տեղափոխութիւնը համարեմ ընթացիկ, ապա հաստատ սովորական չի կրնար համարուիլ ովկիանոսի երկու ափերուն միջեւ երթ ու դարձը։ Սա ո՛չ գետ է, ո՛չ լիճ, ո՛չ ալ ծով…

Օդանաւը կը սաւառնի ովկիանոսին վրայ ու ես կը մտածեմ, որ ճամբորդութիւնը նաեւ տեղափոխութիւն մը, անցում մըն է ժամանակներու միջեւ։ Վերջին անգամ շուրջ տասնհինգ տարի առաջ անցած էի ովկիանոսի վրայով եւ սա արդէն չորրորդ անգամն է։ Այդ ուղղութեան վրայ յաճախակի տեղափոխութեան պարագային չորրորդը, անշուշտ, նշանակութիւն չունի, սակայն, կան նաեւ մարդիկ, որոնք այդպիսի փորձառութիւն մը երբեք չեն ունեցած։ Հասկնալի յարաբերականութիւն…

Նախորդ ուղեւորութիւններուն իմ ճանչցած կամ շփուած անձերէն ոմանք այսօր արդէն չկան. այո՛, բնական, բայց նաեւ տխուր։ Ուստի, կը մխիթարուիմ, որ կրնամ նոր յարաբերութիւններ մշակել եւ կրնամ հաղորդ դառնալ այնպիսի կերպարներու, որոնք կրնան պայմանաւորել այս ուղեւորութեան վերաբերեալ յուշերս կամ, ընդհանրապէս, յիշողութիւնս։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

•շար. 1

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2024