ՕՐՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ

ՄԻՍԱՔ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ (ՔԱՍԻՄ)

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը առիթ մը դարձաւ, որպէսզի մշակութային ու հանրային այլեւայլ միջոցառումներու առընթեր, թերթը հասարակութեան ներկայանայ նաեւ իր անցեալով, իր 100-ամեակը կազմող արտադրանքով ու ժառանգութեամբ։ Թերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի «Կեանքի տեսարաններ» շարքը եւ մանաւանդ իր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին իսկ օրէն հրատարակած «Կրակին մէջէն» թերթօն-վէպը եղան անդրանիկ հրատարակութիւնները, որոնք 100-ամեակի յոբելենական միջավայրը ջերմացուցին իրենց բովանդակութեամբ։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իր աւելի քան 100-ամեայ հաւաքածոյին մէջ տակաւին շատ հարստութիւններ կը պահէ, որոնք «ԺԱՄԱՆԱԿ 100» մատենաշարով հետզհետէ պիտի ներկայացուին հասարակութեան։

Մատենաշարի առաջին գիրքը կողքի մը ներքեւ կը հաւաքէ հիմնադիր-խմբագիր Միսաք Գօչունեանի «Օրուան մտածումներ» ընդհանուր խորագրով 1908-1913 թուականներուն միջեւ հրապարակած տարաբնոյթ յօդուածները, որոնք լուսարձակի տակ կ՚առնեն սահմանադրութեան հռչակման վաղորդայնին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւնները, արեւմտահայութեան ընկերա-քաղաքական կեանքի կարեւորագոյն դրուագները, հասարակական ու մշակութային անցուդարձը, եկեղեցական կեանքը։

Սահմանադրութեան վերահռչակումը նոփնոր շրջան մը կը բանար Օսմանեան կայսրութեան տարածքին։ Բազմաթիւ ազգեր, ի մասնաւորի հայերը, կ՚ողջունէին համիտեան բռնապետութեան անկումով ծագող նոր արշալոյսը, որ մեծ յոյսեր կը ներշնչէր ապագայի հանդէպ։ Գօչունեան իր գրիչով կը սկսի հարթել նոր հասարակութիւնը, կը թելադրէ, կը խրատէ, կ՚ոգեւորուի, առեւտրականներուն ըսելիքներ ունի անպայման, հասարակ ժողովուրդին խորհուրդ կու տայ, որպէսզի յարմարի նոր վարչակարգին, համբերէ ի հարկին, եթէ ըլլան անհաճոյ անցքեր, որոնք բոլորն ալ ժամանակաւոր են։

Խորհրդարանական ընտրութիւններ, Ատանայի կոտորած, Պապիկեանի «անակնկալ» մահը, կաթողիկոսական, պատրիարքական ընտրութիւններ, Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտանոցը, Բանկալթըի գերեզմանատան յաւերժական հարցը, «սոփալը սեչիմ»ը, Պալքանեան պատերազմ, հայերու զինուորագրութիւն, իսլամացած հայեր, Բաղէշէն, Մուշէն, Սասունէն, Հայաստանի այլ գաւառներէն հասնող մահաբոյր հեռագիրներ, Գազազեան ու Գափամաճեան էֆէնտիներուն սպանութիւնները, «Թանին»ի հետ բանավէճ, Հինդլեան-Նոր դպրոցի սաներուն հետ նաւապտոյտ, Այնթապի հայկական վարժարանին մէջ երգուած ազգաշունչ երգեր եւ նման անցքեր ու անձեր, որոնք այսօր պատմութեան փոշիներուն տակ պառկած կը սպասեն հետաքրքիրներու ակնարկին, անոնց մաքրող ձեռքին։ 100-ամեայ վաղեմութեան այս յօդուածները կը բանան վարագոյրը ժամանակաշրջանի մը, որ այսօր մեզմէ բաւական հեռու է, անհասկնալի նաեւ. ազգամիջեան խճճուած յարաբերութիւնները մէկ կողմէն, բայց նաեւ ձեռք ձեռքի տուած բռնապետութիւնը քանդելու համար աշխատող այլացեղ մարդեր, հայը թալանող քիւրտեր, բայց նաեւ քիւրտեր, որոնք իրենց հայ եղբայրները ազատելու համար «կը մատնեն» իրենց ազգակիցները։ Եւ Մեծ Եղեռնին չարագուշակ կանխանշանները, որոնց մասին յայտնապէս կը խօսի Իթթիհատական պաշտօնաթերթ նկատուող «Թանին»։

Իրենց յաւերժական քունէն արթննալով մեզի կը ներկայանան անցեալի դէմքերը՝ Քիւչիւք Սայիտ փաշայի կողքին կ՚երեւի Օրմանեանը, Դուրեանը ու Խրիմեանը, հիւանդկախ Իզմիրլեանը յատկապէս, Ահմէտ Միտհաթ էֆէնտին, Սուրէն Վարդապետը, Գրիգոր Զօհրապը, Մշոյ Գեղամը, Վռամեանը, Յակոբ Պապիկեանը, Թալէաթ փաշան, Քեամիլ փաշան, Միր Մհէն, Մեմոյէ Ռեշօն եւ բազմաթիւ մարդեր։ Անոնց հետ, անոնց չափ ծանօթ-անծանօթ բնակավայրերու անուններ կը հոլովուին գիրքի էջերն ի վեր՝ Սասուն, Տիգրանակերտ, Վիեննա, Սելանիկ, Բաղէշ եւ դեռ Թութաք, Կարին, Շատախ, Խարբերդ, Զէյթուն, Դատուան, Այնթապ, Շեմտինան։ Վայրեր, որոնք այսօր թէեւ մաս չեն կազմեր մեր առօրեային, սակայն 100 տարի առաջ մամուլի հանապազօրեայ ուշադրութեան առարկաներն էին՝ դժբախտ լուրերու հոսքով մը շատ անգամ, եւ հազուադէպօրէն ածանցուած գեղեցիկ յիշատակի մը։

Վստահաբար, Միսաք Գօչունեանի «Օրուան մտածումներ» շարքին յօդուածները պիտի ընթերցուին մեծ հետաքրքրութեամբ՝ իրենց պարունակած պատմական տեղեկութիւններուն պատճառով։ Ատոնք առատ նիւթ կը մատակարարեն նաեւ պատմաբաններուն, Օսմանեան կայսրութեան փլուզման շրջանի անցուդարձերով զբաղող անձերուն։

Աւելի քան 570 էջէ կազմուած այս ստուար հատորը պատրաստած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Սեւան Տէյիրմէնճեան, որ դարադարձի շրջանին ծաւալուն աշխատանք տարած է Քասիմի ժառանգութեան արժեւորման ուղղութեամբ։ Ան պատրաստած է ծանօթագրութիւններու ընդարձակ բաժինը, անձնանուններու ու տեղանուններու բացատրութիւնները, ինչպէս նաեւ օտար բառերու ու արտայայտութիւններու համար բառարան մը։

«Օրուան մտածումներ (1908-1913)» հատորին համար բովանդակալից յառաջաբան մը գրած է սփիւռքահայ նոր սերունդի արժէքաւոր մտաւորականներէն, Համպուրկի համալսարանէն Իշխան Չիֆթճեան։ «Հեռագիրը՝ խորագիր» վերնագրեալ յառաջաբանը կարծես հատորին վերլուծականն է, զոր յարգելի հեղինակը կատարած է ձեռնհասութեամբ՝ արդի ընթերցողը փառաւոր շքամուտքէ մը առաջնորդելով դէպի պատմութեան անձեռակերտ պալատը։

Հատորին կողքը, զոր պատրաստած է Սայեաթ Սաղպազարեան, ունի լուսանկար մը՝ առնուած 1908-ին, երբ հայեր Մարզուանի մէջ կը տօնախմբէին սահմանադրութեան վերահռչակումը։ Գիրքին մէջ առաջին անգամ գործածուած է Միսաք Գօչունեանի նորայայտ մէկ նկարը, ինչպէս նաեւ տեղադրուած է Արամ Անտոնեանի գրչէն Քասիմը պատկերող երգիծանկար մը, արտատպուած Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը»ի, 1909-ի հատորէն։

Այս հատորով յարգանքի տուրք մը կը մատուցուի Միսաք Գօչունեանի անանց յիշատակին՝ իր ծննդեան 150-ամեակին ու մահուան 100-րդ տարելիցին կրկնակ առիթներով։

Բարի վայելում…

(ԺԱՄԱՆԱԿ, 9 Մայիս 2014)