ԾԵՐԵՆՑ. ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԻՊԱԳԻՐԸ
Սեպտեմբեր 16-ի օրը կը նշենք ծնըն-դեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ հայրենասիրական-ազատագրական վերածնունդին գլխաւոր քարոզիչներէն ու մղիչ ուժերէն Ծերենցի (Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, 1822-1888)։
Մասնագիտական ուսումով եւ ասպարէզով՝ Յովսէփ Շիշմանեան բժիշկ էր, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ազատագրական պայքարին պատմութիւնը յաւերժացնող իր պատմավէպերով՝ հայ գրականութեան մեծերու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւեց ու յաւերժացաւ Ծերենց գրչանունով։
Հանդիսացաւ արեւմտահայ ազգային պատմավէպի նահապետը, որ գեղարուեստական տաղանդաւոր մշակումով յատկանշուող իր գործերով՝ ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ ինքնավստահութիւն ջամբեց սերունդներուն ու հայրենասիրութեան անշէջ հուրը վառեց իր ժամանակի երիտասարդութեան մտքին եւ սրտին մէջ։
Հայ գրականութեան պատմավէպի իշխանին՝ Րաֆֆիի հետ միասին, Ծերենց ամբողջ դարաշրջան մը լուսաւորեց եւ խանդավառեց։ Տարիքով աւագն էր, բայց վիպագրական ասպարէզ իր ուշ մտքով՝ Ծերենց դարձաւ Րաֆֆիի սերնդակիցը, միասնաբար ազգային-հայրենասիրական պատմավէպի միեւնոյն մետայլին երկու երեսներուն վրայ դրոշմելով իրենց դիմանկարը։ Խորհրդանշական զուգադիպութեամբ մը՝ հայոց ազգային-հայրենասիրական պատմավէպը գեղարուեստական բարձունքի հասցուցած երկու մեծ գրող-ները նաեւ նոյն տարին, 1888-ին մահացան. Րաֆֆի՝ 51 տարեկանին, իսկ Ծե-րենց՝ 66 տարեկան հասակին։
Անմիջապէս կ՚արժէ ընդգծել, որ պատմավէպը՝ իբրեւ գրական սեռ, մինչ այդ անծանօթ չէր հայ իրականութեան մէջ։ Աբովեան եւ Ալիշան բացած էին ճամբան, բայց շեշտակիօրէն հռետորական եւ քարոզի մշակում ունէին հայկական պատմավէպերը մինչեւ Ծերենց ու Րաֆֆի։ Ազգային ներշնչումով վէպերու, յատկապէս պատմավէպերու գեղարուեստական մշակումը առաջին հաստատ քայլերը նետեց Ծերենցով՝ արեւմտահայ, իսկ Րաֆֆիով արեւելահայ գրականութեան մէջ։
Ծերենց թէեւ ուշ՝ յիսունվեց տարեկանին, 1877-ին, լոյս ընծայեց իր առաջին պատմավէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, բայց մինչ այդ ան անծանօթ գրչանուն չէր արեւմտահայ իրականութեան մէջ։
Աշխարհաբարի որդեգրման ու մշակման նախակարապետներէն եղած էր, աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էր 1860-ականներու հայոց Ազգային Սահմանադրութեան հաստատագրման։ Նաեւ՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի հետ, հաշտարար դերակատարութիւն ունեցած էր կաթոլիկութեան շուրջ ծաւալած Հասունեան եւ հակա-Հասունեան բուռն պայքարներու շրջանին, կաթոլիկ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան (Հասունեանական շարժումին) դէմ դիրքորոշուելով, բայց նաեւ կաթոլիկ հայերու դաւանական ազատ ընտրութեան իրաւունքը պաշտպանելով։
Յովսէփ Շիշմանեան ծնած էր կաթոլիկ ընտանիքի մէջ եւ ծնողները տասը տարեկանին զինք ղրկած էին Սուրբ Ղազար, Վենետիկ, Մխիթարեաններու մօտ ազգային-հոգեւոր ուսում ստանալու եւ կուսակրօն դառնալու համար։ Ուսումնատենչ Յովսէփը Մխիթարեաններէն առաւ ազգային հոգեմտաւոր իր սնունդը, գրական-մշակութային ճանաչումի եւ գիտութեան հարուստ պաշար հաւաքեց, տոգորուեցաւ Մխիթարեաններու շունչով, բայց չուզեց կուսակրօն դառնալ 1837 թուականին, երբ աւարտեց վանքի ուսումնական շրջանը. ան նախընտրեց վերադառնալ Պոլիս։
Անմիջապէս ուսուցչութեան հրաւիրուեցաւ եւ հայերէն լեզու, հայ գրականութիւն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդեց։ Բայց միայն քանի մը տարի դիմացաւ ուսուցչական ասպարէզին, որովհետեւ ազգային-հայրենասիրական բուռն ապրումներով համակուած երիտասարդ Յովսէփը ուզեց շրջիլ հայրենի իր աշխարհով մէկ եւ մօտէն ճանչնալ մեր ժողովուրդը։
1843 թուականին մեկնեցաւ Թիֆլիզ եւ հոնկէ ձեռնարկեց Հայաստանի տարածքին իր երկարատեւ շրջագայութեան։ Հետագայ իր պատմավէպերուն համար տպաւորութիւններու եւ ծանօթութիւններու ամբողջ պաշար մը հաւաքեց, որ սակայն միայն իրեն չպահեց, այլ Ծերենց ստորագրութեամբ սկսաւ աշխատակցիլ ժամանակի մամուլին։
Պոլիս վերադարձէն ետք, 1848 թուականին, որոշեց մեկնիլ Փարիզ եւ բժշկութեան հետեւիլ։ Ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ յեղափոխական վերիվայրումներու ժամանակաշրջան էր եւ 26-ամեայ հայ երիտասարդը, բժշկական իր բարձրագոյն ուսման կողքին, միտքն ու հոգին լայնօրէն բացաւ ֆրանսական յեղափոխական շարժումներու գաղափարական խմորումներուն առջեւ՝ տոգորուելով ժողովրդավարական արժէքներն ու ընկերային արդարութեան գաղափարները պաշտպանելու սկզբունքայնութեամբ։
Փարիզեան իր կեցութիւնը նաեւ հնարաւորութիւնը ընձեռեց, որպէսզի Ծերենց մօտէն շփում ունենայ եւ մտերմանայ ֆրանսական մայրաքաղաքը գտնուող հայ ուսանողներու հետ, որոնց շարքին՝ յատկապէս Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Ստեփան Ոսկան եւ ուրիշներ։
1853 թուականին, արդէն բժիշկ վկայուած՝ Տքթ. Յովսէփ Շիշմանեան վերադարձաւ Պոլիս։ Ամբողջ թափով նետուեցաւ ազգային-հասարակական եռուն գործունէութեան մէջ։
Գաղափարականօրէն ողջմիտ եւ լայնախոհ, զարգացած ու ազնիւ, բայց մանաւանդ սկզբունքային եւ համերաշխութեան ջատագով մարդ էր Ծերենց եւ, իբրեւ այդպիսին, հաշտարար դերակատարութիւն ունեցաւ հայ կեանքը ջլատող պառակտիչ վէճերու հարթեցման մէջ։ Ազգային-հասարակական կեանքի մէջ եղաւ ընդհանուր յարգանքի արժանացած հեղինակութիւն։
Տքթ. Յովսէփ Շիշմանեան ունեցաւ նաեւ հակառակորդներ, որոնք կառավարական շրջանակներու մօտ տարիներով չարախօսեցին իր հասցէին։ Եւ երբ 1870-ականներուն, նորակազմ բարեսիրական «Համազգեաց» ընկերութեան կողմէ ան ղրկուեցաւ Կիլիկիա, որպէսզի գիւղատնտեսական վարժարան մը հիմնելու կարելիութիւնները եւ յարմարութիւնները ուսումնասիրէ տեղւոյն վրայ, հակառակորդներն ու չարախօսները կրցան կասկածներ սերմանել կառավարական շրջանակներու մօտ։ Իբրեւ «յեղափոխական»ի անոր գործունէութեան վերջ տալու նպատակով՝ կառավարութիւնը 1875 թուականին յարմար գտաւ զինք ուղարկել Կիպրոս, կառավարական բժիշկի իր առաքելութիւնը հոն կատարելու համար, ինչ որ աքսոր էր խորքին մէջ։ Բայց Ծերենց աքսորականի իր կեանքը օգտագործեց՝ աւարտուն տեսքի բերելու համար իր պատմավէպերը։
Առաջինը եւ ամենէն հռչակաւորը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ 1877 թուականին լոյս տեսաւ եւ արագօրէն լայն ժողովրդականութիւն ապահովեց արդէն 55-ամեայ հեղինակին։
Ծերենց վերադարձաւ 1878 թուականին, բայց այլեւս չուզեց Պոլիս ապրիլ։ Անցաւ Թիֆլիզ, ուր հարս գացած աղջիկը կ՚ապրէր։ Ներսիսեան վարժարանի մէջ ուսուցիչ եղաւ։ 1879 թուականին լոյս ընծայեց իր երկրորդ պատմավէպը՝ «Երկունք Թ. Դարու»ն։
Իսկ 1881 թուականին լոյս տեսաւ Ծերենցի երրորդ պատմավէպը՝ «Թէոդորս Ռշտունի»ն։
Ծերենց հայ գրականութեան մէջ անմահացաւ իր այս երեք պատմավէպերով, որոնք իրենց գեղարուեստական որոշակի թերութիւններով հանդերձ՝ ճամբայ հարթող նուաճումներ եղան թէ՛ իբրեւ գրական երկեր եւ թէ ներշնչման աղբիւր։
Երեք վէպերու պարագային ալ, Ծերենցի ազգային-գաղափարական պատգամը կը կեդրոնանայ հայ ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին եւ ազգային արժանաւորութեան վրայ։
Իր պատմավէպերու հրատարակութենէն ետք երկար չապրեցաւ Ծերենց։ 1884 թուականին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր աղջիկը, որուն վաղահաս մահը շատ ծանր տարաւ. ուղղակի առողջութիւնը քայքայուեցաւ եւ 1888 թուականին կաթուածահար մահացաւ Թիֆլիզի մէջ։
Եւ այդպէս, 66 տարեկանին, առյաւէտ փակուեցան աչքերը հայ գրականութեան արժանաւոր նահապետին՝ Ծերենցի, որ իր ամբողջ կեանքը եւ ուժերը նուիրեց հայութիւնը միաւորելու նպատակին՝ ի խնդիր ազատ ու անկախ կեանքի եւ հայրենիքի կերտումին, ի սպաս խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ հայ ժողովուրդին բարօր ապագայի նուաճումին։
Իր վէպերով՝ Ծերենց յատկապէս ինքնավստահութիւն, խիզախութիւն, քաջութիւն եւ յանդգնութիւն պատգամեց մեր սերունդներուն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յապաւուած