ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երէկ սկսան շատ կարեւոր բանակցութիւններ։ Չորս ամսուան յետաձգումէ մը վերջ սկիզբ առին այդ բանակցութիւնները, որոնց իրականութեան մէջ երկար ատենէ ի վեր կը սպասուէին։ Այդ բանակցութիւնները ուղղուած են թրքահպատակները մուտքի արտօնութիւններէ զերծ դարձնելու նպատակին։ Այսինքն, բանակցութիւններու նպատակն է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները առանց վիզայի անհրաժեշտութեան կարենան մուտք գործել Շենկէնի գօտի։

Երէկուան բանակցութիւնները տեղի ունեցան Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, վերոյիշեալ աշխատանքները հետզհետէ կը մօտենան իրենց աւարտին։ Կողմերու պատուիրակութիւնները աշխատանք կը տանին առանձին կէտերու շուրջ եւ արծարծուած նիւթերը բնականաբար ունին առանցքային նշանակութիւն։ Թեքնիկ առումով գերակշիռ այս բանակցութիւններուն մէջ եւրոպական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Եւրոյանձնաժողովի Գաղթի ու ներքին գործոց ընդհանուր տնօրէնութեան փոխ-տնօրէն Սիմոն Մորտիւ։ Թրքական պատուիրակութեան կազմին մէջ են Արտաքին ու Ներքին գործոց նախարարութիւններէ, Արդարադատութեան նախարարութենէն եւ ԵՄ-ի գծով նախարարութենէն պաշտօնատարներ։ Թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց դեսպան Մեհմէտ Սամսար։

Եւրոմիութիւնը ընդհանուրին մէջ 72 պայման ունի երկրի մը հետ վիզաները ջնջելու համար։ Թուրքիա այդ պայմաններէն 65-ը արդէն լրացուցած է։ Մնացեալ 7 կէտերուն շուրջ կ՚ընթանան ներկայ բանակցութիւնները։ Այդ ամբողջին մէջ Թուրքիա կը նախատեսէ շուտով իր քաղաքացիներու անցագրերը համապատասխանեցնել ԵՄ-ի չափանիշներուն, հետեւաբար բանակցութիւններու ենթակայ կէտերուն թիւը պիտի իջնէ 6-ի։

Առկայ քննարկումներու ամբողջին մէջ հիմնական բարդութիւնը կը վերաբերի Թուրքիոյ օրէնսդրութեան տրամադրութիւնները՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ։ Արտայայտութեան ազատութեան մասին նիւթերն ալ կը թուարկուին խնդրայարոյցներու շարքին։ Պրիւքսելի ակնկալութիւններու շարքին է, որ Անգարա գործնական համագործակցութեան պայմանագիր մը ստորագրէ ԵՄ-ի ոստիկանական կազմակերպութեան՝ «Եւրոփոլ»ի հետ։

Թրքական կողմը ներկայիս պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն ներառնելու համար արտայայտութիւն մը, որով յանցագործութիւն ըլլալէ պիտի դադրին այն կարծիքները, որոնք լրատուութեան սահմաններու մէջ կը մնան եւ քննադատական նպատակ կը հետապնդեն։ Յամենայնդէպս, ԵՄ կը յամառի կարգ մը փոփոխութիւններու ուղղութեամբ։

Թուրքիա խոստացած է նաեւ անձնական տուեալներու պահպանութեան ուղղութեամբ քայլեր առնել՝ Եւրոմիութեան չափանիշներուն համապատասխան։ Բայց եւ այնպէս, Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ կասկածներ ունենալ հաւանական գործադրութեան առումով։ Այս տարակարծութիւններուն կապակցութեամբ եւրոպական կողմը մասնաւորապէս կ՚ընդգծէ կառոյցներու ինքնավարութեան կարեւորութիւնը։

Թէեւ Պրիւքսէլ «Եւրոփոլ»ի հետ համագործակցութիւնը կը դասէ հիմնական սպասումներու շարքին, սակայն Անգարա ունի շարք մը վերապահութիւններ։ Այսպէս, արդարադատական գետնի վրայ համագործակցութեան համար թրքական կողմը իր վերապահութիւնները նախապէս փոխանցած էր Պրիւքսելին։ Երէկուան ժողովին ընթացքին ալ Թուրքիա վերահաստատեց, որ Յունական Կիպրոսը պիտի չճանչնայ՝ մինչեւ որ Կիպրոսի հիմնախնդիրը լուծուի արդար ու մնայուն ձեւով։

Եւրոմիութիւնը ապօրինի գաղթի դէմ պայքարի ուղղութեամբ Թուրքիոյ կողմէ առնուած քայլերը թէեւ կը գնահատէ բարձր, սակայն ետ ընդունման համաձայնութեան եւս լիարժէք ձեւով գործադրութիւնը կ՚ակնկալէ։ Թրքական կողմն ալ այս կապակցութեամբ վերահաստատեց իր խոստումը, ըստ որու համապատասխան ակնկալութիւններուն ընթացք պիտի տրուի՝ վիզաներու ջնջումին հետ նոյնաժամանակ։ Թրքական կողմը երէկ պահանջեց նաեւ վիզաներու ջնջման հարցին շուրջ իր դէմ քաղաքական դիրքորոշման մը չորդեգրուիլը։ Սա այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ Թուրքիա կը պահանջէ գործընթացին արագացումը։

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018