NATIONAL GEOGRAPHIC ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՏԱՍՆԵԱԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԴԱՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՐԱՀՈՒՆՋԸ
National Geographic հեղինակաւոր պարբերականը հրապարակեց ցուցակ մը, որու վրայ նշուած են աշխարհի լաւագոյն հինաւուրց վայրերը՝ աստղերու դիտարկման համար։ Այդ ցուցակին վրայ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանէն Քարահունջը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յօդուածին մէջ նշուած է, որ հայկական այս վայրը կը գտնուի Փորթուգալի նշանաւոր քարերու յուշարձանէն դէպի արեւելք 3000 մղոն հեռաւորութեան վրայ՝ Սիսիեան քաղաքի մերձակայքին։ Այդ մէկը յայտնի է որպէս՝ Զօրաց քարեր, քարերուն ընդհանուր քանակութիւնը 232 է։ Անոնցմէ քանի մը հատը կը կշռեն մինչեւ 10 թոն, իսկ ուրիշներ ունին շրջանաձեւ անցքեր։
Քարահունջի հետ միասին ցուցակին վրայ ընդգրկուած են նաեւ Նիւ Մեքսիկոյի, Փորթուգալի, Յունաստանի, Քենիայի, Իրանի, Աւստրալիոյ եւ Գալիֆորնիոյ նմանատիպ վայրերը։
Աշխարհի այս տասն լաւագոյն ամենահին աստղադիտարաններու ցանկը կազմուած է լուսանկարիչ Պապակ Թաֆրեշի կողմէ։