ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը մարդուս մղիչ մէկ ուժն է՝ որ շարժման մէջ կը դնէ մարդկային բոլոր ուժերը։ Արդարեւ, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, մարդու հոգեկան աշխարհին մէջ այն վիճակն է՝ ուր մարդ, առաքինութեան զգացումով տարուած, անոր հաւատքին, անոր զոհողութեան անսակարկելի տրամադրութեանը մէջ կը գտնուի։ Պատասխանատուութեան գիտակցութեան յատուկ առաքինութիւնը ունեցող մարդը՝ որ գիտակցութիւնը ունի նաեւ իր մարդ կոչումին, կը հաւատայ իր անձէն վեր արժէքներու, եւ յարգանք կը զգայ նուիրական սրբութիւններու հանդէպ եւ իրմէ վեր՝ իր Արարիչին՝ Աստուծոյ։ Ան յարգանք ունի նաեւ իր նմաններուն, գիտէ որ իր անձին չափ արժէք կը ներկայացնեն անոնք, որ իր անձին նկատմամբ «ուրիշ»ներ են։ Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը անդրադարձումն է ուրիշներուն՝ որոնք իրեն պէս են, իրեն հաւասար իրաւունքներ եւ ազատութի՛ւն կը վայելեն։

Ուստի, «մեծ մարդ»ը այն չէ՛ որ մեծ կարողութիւններով է օժտուած, ոչ ալ ան՝ որ անհո՛ւն գիտութեան տիրացած է, այլ ան՝ որ ինչ ալ ունեցած է, բնատուր կամ ստացական, զայն սպասաւորած է իրմէ վեր արժէքի մը բարիքին։

Այս իմաստով, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող մէկը իր կեանքը կը վարէ այն զգացումով, որ կարծէք իրմէ վեր էակ մը, արժէք մը, հասարակութիւն մը ունեցած է որպէս պարտապահանջ։

Մարդկային կեանքը երբեք չէ եղած ամայացած եւ առանձնացած աշխարհի մը մէջ ամուլ ընթացք մը։ Կղզիացած, լճացած մարդը մեծ մասամբ կորսնցուցած է իր ընկերային էակ ըլլալու հանգամանքը։ Մարդ, իր արարչութեան պահէն իսկ միշտ եղած է «շարժուն» եւ «արդիւնաբեր» աշխարհի մը մէջ, ուր պայքարի մը մէջ շարունակած է իր ճամբան, միշտ իրերօգնութեամբ, միշտ ընկերային միջավայրի մը մէջ։

Եւ ընկերային այս միջավայրին մէջ, մարդիկ իրարու հանդէպ ունեցած են սիրոյ եւ ատելութեան ներհակ զգացումներուն հետ միասին փոխադարձ պատասխանատուութեան սերտ կապեր, փոխադարձ պարտականութեան յարաբերութիւններ, առանց որոնց մարդկային կեանքը «մեռելային վիճակ»ի մը պատկերը պիտի պարզէր։ Այսպիսի կեանք մը անհրապոյր, անտանելի եւ անիմաստ ընթացք մը պիտի ըլլար։

Բայց կեանքը շարժուն ընթացք մըն է եւ պայքար կը պահանջէ. ամլացած, կղզիացած կեանքը, «մեռելային վիճակ» մը կը պարզէ եւ հեռու է կեանքի կենդանական բնութենէն։

Արտաքնապէս կղզիացած առօրեայ կեանքի աշխարհէն, մարդ միշտ ենթակայ է փորձութեան։ Արդարեւ, մարդ որքան ալ կատարեալ, անթերի եւ զօրաւոր զգայ ինքզինք, ինքնաբաւ կարծէ, միշտ պահանջքը պիտի զգայ «ուրիշ»ին եւ այդ պահանջքը, ահաւասիկ, պիտի ստեղծէ պատասխանատուութեան զգացումը՝ որ պիտի վերածուի նաեւ գիտակցութեան։ Ուրիշ խօսքով՝ պատասխանատուութիւնը՝ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մտային աշխարհի կը պատկանի եւ ընկերային մարդուն կեանքի ընթացքը կը կանոնաւորէ։ Պատասխանատուութեան զգացումը ե՛ւ գիտակցութիւնը, մարդուն կը յիշեցնէ, թէ աշխարհի վրայ չկայ միայն իր «Ես»ը, այլ կան նաեւ «ուրիշ Ես»եր, կը յիշեցնէ նաեւ, որ աշխարհի վրայ մինակ չէ անհատը, ուստի ինքնակեդրոն ըլլալ ներհակ է մարդկային բնութեան։

Պատասխանատուութեան զգացումը շատ աւելի կը զօրանայ եւ արժէք կը ստանայ, երբ զայն դիտել փորձենք Աստուծոյ աչքով, հաւատքի եւ մշակոյթի տեսանկիւններէն։ Այլապէս կարելի չ՚ըլլար հասնիլ պատասխանատուութեան զգացումին իսկական արժէքին, քանի որ այն զգացումը միայն անհատներու միջեւ չէ, այլ նաեւ՝ բարձր արժէքներու, գաղափարներու, հաւատալիքներու, սկզբունքներու եւ ամէն տեսակ բարոյական արժէքներու հանդէպ։

Աստուծոյ եւ հասարակութեան հանդէպ մեր պարտքը եւ պարտականութիւնը կատարելու, ամբողջացնելու գիտակցութիւնը երբ տիրէ մեր հոգիներուն մէջ, այն ատեն ամէն կասկածէ վեր է որ մեր աշխատանքը, մեր կեանքի ընդհանուր եւ անվերջ պայքարը նկարագիր կը ստանան, տարբեր շեշտ կ՚առնեն եւ անպայման կը պտղաբերին առատ արդիւնքներով։

Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է որ քիչ մարդիկ առհասարակ պատասխանատուութեան զգացումով կը շարժին եւ քիչեր պատասխանատուութեան ընդառաջել գիտեն, քանի որ առաջին ակնարկին, ամենէն ծանր զգացումն է այն, մարդուն հոգիին վրայ ճնշող։ Իսկ երբ այդ հոգին բռնուած է եւ բռնկած հաւատքի՝ կրօնին հրայրքով եւ բարձր մարդասիրական գաղափարներով, այն ատեն ահաւասիկ, այդ «ծանրութիւն»ը քաղցրութեան կը կերպարանափոխուի։

«Նուազագոյն ճիգ»ի քաղաքականութեան տէր մարդը չի կրնար ունենալ պատասխանատուութեան այդ զգացումը, քանի որ այս վերջինը կը պահանջէ յարատեւ պրկում եւ անխոնջ աշխատանք։ «Առաւելագոյն ճիգ»ի քաղաքականութիւնը իրենց կեանքին եւ գործին մէջ որդեգրած մարդիկն են որ կը կրեն իրենց հոգիներուն մէջ ազնուացուցիչ եւ կերտիչ այդ ուժը՝ պատասխանատուութեան նուիրական զգացումը։ Եւ ապահովաբար կեանքը, իր բնութեամբն իսկ, զարգացող, յառաջդիմող, կատարելագործուող երեւոյթ՝ «առաւելագոյն ճիգ»ի քաղաքականութեան մէջ կը գտնէ իր յաղթանակին լուսաւոր ճամբան։

Եւ երբ անդրադառնանք պատասխանատուութեան բնատուր զգացումին մեր մէջ, մեր կեանքը պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաբեր եւ աւելի երջանկաբեր։ Պատասխանատուութեան զգացումն է որ մարդը արժանի կ՚ընէ իր կոչումին…

- Օգտուեցանք՝ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի «Խորհէ եւ Մտիր», Ս. Էջմիածին, 1995, գիրքէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 29, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018