ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՐ ՎԻՃԱԿ
2026-ի տարեմուտը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ արդէն յատկանշական իրադարձութեան մը առիթ դարձած է։ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր յառաջ տարուած բանակցութիւններու հիման վրայ՝ այսօրուան դրութեամբ, երկու երկիրներու դիւանագիտական, ծառայողական կամ յատուկ անցագիրի տէր քաղաքացիները պիտի կարողանան փոխադարձաբար դիւրացուած մուտքի արտօնութիւն ստանալ։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պատկան մարմինները նոյնաժամանակ տեղեկացուցին, որ այդպիսի անձնաւորութիւնները առցանց վիզա ստանալու կարելիութիւն պիտի ունենան։
Երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն կողմէ ծաւալուած քննարկումներու արդիւնքով, յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին նախատեսուած սկզբնական քայլերէն մին էր այս նախաձեռնութիւնը։