2026 ՏԱՐԻՆ՝ «ՀՐԵՂԷՆ» ՁԻ-Ի ՏԱՐԻ
Համաձայն չինական լուսնային օրացոյցին, անոնց տարուան անունը կը կրկնուի ամէն 12 տարին անգամ մը, նոյն կենդանիին կամ անասունին անունով: Այլ խօսքով՝ չինական աստղագիտութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս, չինական առաջին տարին սկսած է մուկով, անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: 2026 տարին, Ձիի տարի է: Ըստ չինական աստղաբաշխութեան՝ ձին կը գրաւէ 7-րդ տեղը:
Կը կարծենք, որ շատեր հաւանաբար պիտի կարդան այս էջին խորագիրը միայն եւ թերեւս ալ անտարբերութեամբ պիտի դարձնեն զայն: Իսկ ասոնց ճիշդ հակառակը ուրիշներ ալ կը կարծենք, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս խանդավառութեամբ պիտի ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ կամ ինչեր պահած է իրենց կենդանակերպը:
Առ ի տեղեկութիւն նախ ըսենք, որ չինական աւանդութեան համաձայն՝ կ՚ըսուի, թէ երբ Պուտտան երկինք պիտի բարձրանար, ուզած էր իր հետ իր աստուծոյն տանիլ 12 կենդանիներ: Անմիջապէս իր խնդրանքին ընդառաջած էր մուկը կամ առնէտը եւ ապա անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Աւանդութիւնը կ՚աւելցնէ նաեւ, որ ամենէն առաջ կատուն հասած էր, բայց մուկը զինք խաբելով, անոր տեղ գրաւած էր ու այսպէսով կատուն դուրս մնացած է այս շարքէն:
Իր կարգին, Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Այս ձեւով է, որ ամէն 12 տարին անգամ մը, կրկնուած է անասունին անունը:
2026 տարի - Ձիի տարի
Չինական կենդանակերպը կը հետեւի լուսնային օրացոյցին:
2026-ին չինական նոր տարին կը սկսի 17 փետրուարին, եւ կ՚աւարտի 7 փետրուար, 2027-ին:
2026-ին կամ Ձիի տարին ծնածներուն լաւագոյն եւ բախտաւոր ամիսներն են՝ յունուար, մարտ, յուլիս:
Անոնք կ՚ըլլան ազնիւ բնաւորութեան տէր եւ լաւատես անձեր ու շուտով կը դառնան ուշագրաւ դէմքեր եւ բարձր դիրքերու տէր անձնաւորութիւններ:
Բնատուր աշխատասէր եւ քաջ անհատներ են, խելացի նուրբ եւ բարեսիրտ:
Նաեւ կ՚ունենան իւրայատուկ անհատականութիւններ, բոլորովին տարբեր իրենց շրջապատէն: Ուրիշներուն աջակցող եւ նպատակին հասնող յանձնռութիւններով: Նաեւ կ՚ըլլան իրենց ասպարէզէն ներս մէկական բախտաւորներ, նորագոյն գիտելիքներով օժտուած, դժուարութիւնները յաղթահարող, տաղանդաւորներ, սուր միտքով զինուած, ուժեղ եւ շատ յաջող ու հարուստ: Տրամաբանող:
Երկար եւ հին ժամանակներէ ի վեր, չինացի ժողովուրդին համար ձին նկատուած է հաւատարմութեան, հարստութեան, յիշողութեան եւ արագութեան խորհրդանիշ:
Ձիերը կը սիրեն ուրիշներու հետ միշտ հաղորդակցիլ եւ գործակցիլ: Շատ կը սիրեն կեանքն ու իրենց կեանքի ընկերը: Յաճախ կ՚ըլլան արկածախնդիր:
Ձիի տարիներուն ծնածները կ՚ըլլան նաեւ մեծ դէմքեր՝ արուեստագէտներ, դերասաններ, հանրային գործիչներ, կրթական մշակներ: Անոնք կը սիրեն վտանգաւոր որոշումներ կամ քայլեր առնել:
Բարի բնաւորութեան տէր են: Մաքուր մտածողութեամբ եւ տրամաբանական ու միշտ դրական մտածող, աշխատասէր, հաւատարիմ եւ իրենց ծրագիրներու իրականացման համար հնարաւորութիւններ ստեղծող: Կը սիրեն լաւ հագուիլ եւ զարդարուիլ: Ճաշակաւոր կ՚ըլլան եւ միշտ իրենց արտաքին տեսքին հոգ տանող։
Թէեւ բազմաթիւ են իրենց դրական կողմերը, սակայն նաեւ ունին ասոնց ճիշդ հակառակը՝ ժխտական կէտերը:
Այսպէս, անոնք յաճախ հարցերը կը բարդացնեն: Նոյնիսկ իրենց անօրինակ խանդավառութիւնը, երբեմն տարբեր ուղղութեամբ կ՚առաջնորդեն ստեղծուած հարցերը եւ պատճառ կը դառնան ձախողութեան: Քիչ մը դժուար կ՚ընդունին քննադատութիւնները: Անոր համար անպատասխանատու ընթացքը զիրենք կը նետէ նախանձի մէջ ու այս ձեւով կը կորսնցնեն իրենց ուժականութիւնը, նաեւ իրենց համբաւն ու ժողովրդականութիւնը:
Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները իրենց տարիներու դասաւորումով.
1.- Առնէտ- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020-2032
2.- Ցուլ- 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021-2033
3.- Վագր- 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010 -2022-2024
4.- Նապաստակ- 1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023-2025
5.- Վիշապ- 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024-2036
6.- Օձ- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025-2037
7.- Ձի- 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026-2038
8.- Ոչխար- 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027-2039
9.- Կապիկ- 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028-2040
10.- Աքլոր- 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005- 2017 -2029-2041
11.- Շուն- 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030-2042
12.- Խոզ- 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031-2043
Բախտաւոր թիւերն են՝ 6, 8, 9։
Նախասիրած գոյներն՝ ճերմակ, դեղին եւ գոց կապոյտ:
Հետեւեալ տարիները Ձիի տարի կոչուած են կամ կը կոչ-ւին՝ 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026-2038
Ձիի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր՝ Պրուս Լի, Մայք Քանըր, Օփրա Ուինֆրի, Ճոն Քենետի, Ճորճ Քլունի, Նիքոլ Քիտմըն, Շաքիրա, Թամի Լի։
Աւելի քան քսան աստղագէտներու, բախտագուշակներու եւ աստղաբաններու 2026 տարուան յատուկ հարիւրաւոր կայքերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ ծանօթանալէ ետք, փորձեցինք մէկտեղել այդ բոլորը եւ համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամենէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը: Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, թէ 2026-ը բոլորովին տարբեր պիտի չըլլայ 2025-էն: Շատեր կը պնդեն, թէ նոյնիսկ ո՛չ միայն անոր շարունակութիւնը պիտի նկատուի, այլեւ պիտի դառնայ անոր աւելի չարագործ տարբերակը:
Այսպէս, անոնք կը խորհին, թէ մէկ կողմէ մայր բնութիւնը իր պատերազմներով, երկրաշարժներով, հեղեղներով, հրդեհներով եւ փոթորիկներով պիտի շարունակէ աւերներ գործել, իսկ միւս կողմէ ալ մարդիկ պիտի չդադրին իրենց մահացու եւ չարագործ զէնքերը, դաւադրութիւններն ու ահաբեկչական արարքները իրարու դէմ գործածելէ: Նման ընթերցումներ անկասկած, որ որոշակի վախի եւ սարսափի կը մատնեն համեստ ընթերցողը, որուն մտածելակերպէն կախում ունի նման յայտարարութիւններու հաւատք ընծայելը:
Այլ խօսքով՝ երկրագունդի բնակչութիւնը, կամ աշխարհ կոչուած այս առեղծուածը եւ կամ Աստուածային պարգեւը, հետզհետէ աւելի խառնակ վիճակի պիտի մատնուի:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ կարգ մը աստղաբաշխներ ո՛չ միայն այսքան յոռետես են այլեւ՝ բաւականին լաւատես: Այս վերջինները իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն մարդու նոր զարթօնքի, այսինքն ելեկտրոնային ամէնօրեայ նոր գիտութիւններու եւ գիւտերու վրայ:
Բայց, ինչ որ ալ ըլլան 2026 տարուան մասին յայտնաբերուած կարծիքները եւ գուշակութիւնները՝ մեր կարգին, մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք ամենէն բարին:
*
2026 ՏԱՐՈՒԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՐՆԵՐ
Անցնող տարուան նման, այս տարին ալ հարուստ է յոբելեաններով:
Վարը նշուած բոլոր անունները, իրենց յոբելենական թուարկումներով, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մտած են եւ հո՛ն, իրենց մտքով եւ հոգիով, պատմական որոշ ու հարազատ կնիք ձգած:
Նաեւ այս բոլոր անունները «կ՚ապրին» այսօր ու պէտք է, որ ապրին՝ իբրեւ մէկական ընտրեալներ մեր ազգին, որոնց խօսքն ու գործը կը փայլին ժամանակին հետ։
Արդ, ստորեւ յիշուած ցանկին մէջ, իւրաքանչիւր անուն, մեր կեանքը վերարժեւորելու ձգտում մըն ալ ունի իր ետին թաքնուած։ Ու երբ ամէն անգամ զանոնք եւ մէկ առ մէկ հրապարակային կամ այլ կերպով կը յիշենք, այդ կը նշանակէ, թէ արդէն իսկ մենք զմեզ արժեւորած կ՚ըլլանք: Այսպէս՝
• Հրաչեայ Աճառեան (1876-1953) - լեզուաբան - 150-ամեակ:
• Շուշանիկ Կուրղինեան (1876-1927) - բանաստեղծ - 150-ամեակ:
• Միսաք Մեծարենց (1886-1908) - բանաստեղծ - 140-ամեակ:
• Յակոբ Մնձուրի (1886-1978) - արձակագիր - 140-ամեակ:
• Գարեգին Նժդեհ (1886-1955) - ռազմական եւ պետական գործիչ - 140-ամեակ:
• Վահան Չերազ (1886-1928) - մարզիկ, սկաուտական շարժման հիմնադիր - 140-ամեակ:
• Շահան Պէրպէրեան (1891-1956) - մանկավարժ, փիլիսոփայ - 135-ամեակ:
• Վահէ Հայկ (1896-1983) - գրող, խմբագիր - 130-ամեակ:
• Ալեք Մանուկեան (1901-1996) - բարերար, Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս - 125-ամեակ:
• Լուիզա Ասլանեան-ԼԱՍ (1906-1945) - գրող - 120-ամեակ:
• Զաւէն Պիպէռեան (1921-1984) - գրող, թարգմանիչ - 105-ամեակ:
• Զարեհ Խրախունի (1926-2015) - բանաստեղծ - 100-ամեակ:
• Վահագն Տատրեան (1926-2019) - պատմաբան - 100-ամեակ:
• Դաւիթ Խրտեան (David Kherdian) (ծն. 1931) - ամերիկահայ անգլիագիր գրող - 95-ամեակ:
• Զուլալ Գազանճեան (1936-2008) - բանաստեղծ - 90-ամեակ:
• Ալիսիա Կիրակոսեան (1936-2014) - բանաստեղծ - 90-ամեակ:
• Լեւոն Անանեան (1946-2013) - հրապարակախօս, ՀԳՄ նախագահ - 80-ամեակ:
• Փիթըր Պալաքեան (ծն. 1951) - ամերիկահայ անգլիագիր գրող - 75-ամեակ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ