Կիրակի 20, Ապրիլ 2025
ՖԻՏԱՆ-ԼԱՒՐՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան Սուրիոյ իրավիճակին եւ տարածաշրջանի ընդհանուր կացութեան։ Անոնք աջակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ քաղաքական միասնականութեան համար։ Նախարարները ընդգծեցին, որ Անգարա եւ Մոսկուա կը կարեւորեն քաղաքական անցումային գործընթացի ներառական ըլլալը Սուրիայէ ներս։
Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման ուղիներուն շուրջ, բաց աստի, շօշափեցին երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։
Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025