ԸՍՏ ԷՈՒԹԵԱՆ
Ֆրանսայի նախագահին հրապարակումը՝ Հայաստանի վարչապետին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին, կարգ մը հետեւութիւններու կ՚առաջնորդէ:
Նախ, առաջին բաժինը. «Շատ լաւ հեռախօսազրոյց ունեցայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Յայտնեցի Ֆրանսայի համերաշխութիւնը՝ ի պատասխան Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնելու փորձերը»:
Այստեղ շատ յստակ ձեւով կ՚ըսուի, որ Փարիզ կողմնակից է եւ կը զօրակցի Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններու պարագային իշխանութիւններու կիրարկած քաղաքականութեան՝ ընդ որում ներխուժումներուն, հարցաքննութիւններուն, բերման ենթարկելու դէպքերուն, ձերբակալութիւններուն եւ կալանաւորումներուն:
Որդեգրուած են իշխանութիւններուն բոլոր թեզերը, «յեղաշրջում»ի փորձ կատարելու մեղադրականները: Աւելի՛ն, գործադրուած բռնաճնշումը կ՚արդարացուի՝ իբրեւ թէ ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնելու յեղաշրջման նախաձեռնութիւններու արգելակումով:
Հիմա, երկրորդ բաժինը. «Նաեւ վերահաստատեցի մեր աջակցութիւնը իր խիզախ ջանքերուն՝ ուղղուած Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Խաղաղութիւնը եւ բաց սահմանները կարեւոր զարգացում կ՚ըլլան ամբողջ տարածաշրջանի համար եւ օրինակ՝ անոր սահմաններէն անդին»:
Եթէ առաջին բաժինը Փաշինեանի ներքին քաղաքականութեան կը վերաբերէր, ապա երկրորդը լրիւ տրամադրուած է արտաքին քաղաքականութեան: Այստեղ եւս ամբողջական է զօրակցութիւնը: Արտաքին քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Թուրքիոյ, ջատագովելի է Ֆրանսայի կողմէ: Այսինքն, միակողմանի զիջումները կը նկատուին «խիզախ» քայլեր: Միակողմանի ընդառաջումները Պաքուի եւ Անգարայի պայմաններուն ընդառաջ՝ կը ծափահարուին Փարիզի կողմէ:
Այս բոլորին նկատմամբ Ֆրանսայի շահագրգռութեան կէտը վերջին տողերուն մէջ ամփոփուած է: Բաց սահմաններ՝ ամբողջ տարածաշրջանի համար եւ անոր սահմաններէն անդին:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատուող տարածքներէն փուլ առ փուլ կը հեռանան Ռուսաստանի զօրքերը: Բացուելիք սահմաններուն վրայ չի պատկերացուիր ռուսական վերահսկողութիւն: Սակայն, բաց սահմանները նաեւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ են: Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցուած ընդհանուր սահմանէն ետք, ըստ առաջադրուած նախագիծի եւ ըստ Մաքրոնի՝ պիտի բացուին նաեւ Թուրքիոյ հետ սահմանները: Այդ պարագային պիտի գայ Ռուսաստանի (102-րդ) ռազմակայանի ներկայութեան շուրջ հարցականը:
Ֆրանսա եւ Ռուսաստան գերլարուած յարաբերութիւններ ունին: Յատկապէս Ուքրայնայի պարագային Ֆրանսա չի պահեր հրադադարին համաձայն չըլլալու իր դիրքորոշումը: Ի հարկէ, միայն Ուքրայնայի թղթածրարը չէ Փարիզ-Մոսկուա թշնամական հռետորաբանութեան սահմանները հատած լարուածութեան պատճառը:
Ներքին-արտաքին քաղաքականութիւններու հանդէպ այս անվերապահ զօրակցութիւնը Ֆրանսայի կողմէ՝ հիմնուած է ռուսական գործօնը հարուածելու շարժառիթին վրայ: Այս յայտարարութեամբ այնպէս կը հասկցուի, որ Երեւանի սանձազերծած բռնաճնշումի գործողութիւններուն նպատակը ռուսական գործօնին հետ առընչուած է:
Այստեղ յայտնաբար կը նոյնանան Փաշինեանին եւ Մաքրոնին մօտեցումները: Քոչարեանէն մինչեւ Կարապետեան, անցնելով ընդդիմութեան ուժերէն մինչեւ Հայոց Եկեղեցի՝ Փաշինեան կ՚արդարացնէ իր հարուածները ռուսական գործօնի հեռացման նպաստող գործողութիւններով:
Մաքրոն այս հրապարակումով կ՚որդեգրէ իշխանութիւններուն հրապարակ նետած թեզերը, հակաժողովրդավարական քայլերը, կ՚արդարացնէ ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնողները չէզոքացնելու գործողութիւններով:
Յանուն ժողովրդավարութեան ներկայացողը, ըստ էութեան, կը քաջալերէ հակաժողովրդավարութիւնը՝ հերթական անգամ ընդգծելով, որ ժողովրդավարութիւնը կամ հակաժողովրդավարութիւնը պարզապէս միջոցներ են քաղաքական ծրագիրներ յաջողութեան կամ ձախողման առաջնորդելու համար:
Այս պարագային հակաժողովրդավարութիւնը քաջալերելով…
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի