ԽՈՐԱՑՆԵԼ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքանակութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասը, որ, միեւնոյն ժամանակ, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահն է։ Երեւանի ղեկավարութիւնը, պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Քայա Քալասը, որ երէկ բանակցութիւններ վարեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Փաշինեան-Քալաս հանդիպման առթիւ պաշտօնական աղբիւրները շեշտեցին, որ Երեւանն ու Պրիւքսէլը երբեք այնքան մերձ չեն եղած իրարու՝ որքան է ներկայիս։ Գործընկերութեան խորացման որոնումներու մթնոլորտին մէջ Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը հետեւողականօրէն կ՚արժեւորեն նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակն ու խաղաղութեան գործընթացը։
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Քայա Քալասի երէկուան տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ժողովրդավարական բարեփոխումները։ Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց եւրոպական կողմին՝ Հայաստանին ընծայուած շարունակական աջակցութեան համար։ Ան ընդգծեց իր գլխաւորած կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ ժողովրդավարութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման ճանապարհին։ Քայա Քալասն ալ դիտել տուաւ, որ ԵՄ պատրաստ է առաւել խորացնել գործընկերութիւնը բոլոր ուղղութիւններով։ Ան համոզուած է, թէ ներկայիս կողմերու միջեւ գոյութիւն ունի նոր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան մը հենքը։ Յանձնակատարը բարձր գնահատեց Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ։ Քալաս զանոնք համարեց կենսական ո՛չ միայն երկրէն ներս, այլեւ արտաքին գործընկերութեան տեսակէտէ հենք։ Ըստ Քալասի՝ այդ արժէքները պէտք է պաշտպանուին՝ յատկապէս խառն սպառնալիքներու, ապատեղեկատուութեան եւ երկրի ներքին գործերուն միջամտելու փորձերու պայմաններուն ներքեւ։ Քալաս դիտել տուաւ նաեւ, որ ԵՄ պատրաստ է Հայաստանի կողքին կանգնելու՝ աջակցելու համար երկրի դիմադրողականութեան բարձրացման։
Վարչապետը յանձնակատարին հետ կարծիքներ փոխանակեց նաեւ՝ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման գործընթացին շուրջ։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ վերջին շրջանին այս ուղղութեամբ արձանագրուած է զգալի յառաջընթաց մը։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակին եւ խաղաղութեան գործընթացին։ Քայա Քալաս մատնանշեց, որ Պրիւքսէլի մէջ գոհունակութեամբ կ՚արձանագրեն Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու ընթացքին արձանագրուած դրական յառաջընթացը, ինչ որ կրնայ հիմք հանդիսանալ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար։
Վարչապետ Փաշինեանի հետ տեղի ունեցած այս հանդիպումէն վերջ հրապարակուած հաղորդագրութեան առընթեր, Արարատ Միրզոյեան եւ Քայա Քալաս երէկ Երեւանի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Այս փուլին եւս յանձնակատարը ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի կողքին է՝ դիմադրունակութիւնը բարձրացնելու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, ան յայտնեց, որ ԵՄ կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այս ուղղութեամբ կը կարեւորէ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրումը։
Ի լրումն այս բոլորին, Քալաս շեշտեց, որ ԵՄ կը շարունակէ քննարկումներ ծաւալել՝ Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանի Հանրապետութեան 20 միլիոն եւրօ յատկացնելու ծրագրին կապակցութեամբ։