ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երեւանի եւ Իսլամապատի միջեւ հաստատուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Իշաք Տար համապատասխան փաստաթուղթը երէկ ստորագրեցին Թիէնծինի մէջ, ուր Չինաստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովը։ Նախարարները երկու երկիրներու ղակավարներու ընկերակից պատուիրակութիւններու կազմին մէջ էին եւ Թիէնծինի մէջ ստորագրեցին այդ փաստաթուղթը՝ ի շարունակութիւն նախընթաց օրուայ իրենց հեռախօսազրոյցին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2025