ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնները որոշ վերապահութեամբ ընկալուած են Իրանի կողմէ՝ մանաւանդ, որ Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքով կը նախատեսուի TRIPP անցուղիի ստեղծումը։ Այդ վերապահութիւններու կէտէն սկսեալ Երեւանի եւ Թեհրանի միջեւ վերջին շրջանին անհամեմատելիօրէն խտացած են բարձր մակարդակի շփումները։
Բացի Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանիի հետ բանակցութիւններ վարելէ, Արմէն Գրիգորեան Թեհրանի մէջ ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի, արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Սէյիտ Ապտուրրահիմ Մուսաւիի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Փեզեշքիանի հետ Արմէն Գրիգորեանի զրոյցին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Հայաստան եւ Իրան հաստատակամ են զարգացնել շարունակական երկխօսութիւնը՝ միտուած ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման։ Անոնք քննարկեցին Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք Արմէն Գրիգորեանի կողմէ կարեւորուեցան՝ որպէս խաղաղութեան հաստատման գործընթացէն ներս կարեւոր հանգրուան։ Փեզեշքիան նշեց, որ Հայաստան-Իրան վերջին բարձրաստիճան շփումները եւ իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Հայաստան նպաստած են Իրանէ ներս առկայ անորոշութիւններու արդիւնաւէտ հասցէագրման։ Փեզեշքիան Գրիգորեանի նկատառման յանձնեց, որ օտարերկրեայ որեւէ ուժ պէտք չէ խաթարէ Հայաստան-Իրան բարեկամական կապերը։
Գրիգորեան-Լարիճանի հանդիպման ընթացքին ալ կողմերը գոհունակութեամբ նշեցին իրենց միջեւ ձեւաւորուած հաստատութենական կապերը եւ վստահութիւն յայտնեցին անոնց շարունակական ամրապնդման եւ զարգացման ուղղութեամբ։ Գրիգորեան եւ Լարիճանի քննարկեցին տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները եւ այս ամբողջին մէջ հայկական կողմը ներկայացուց օգոստոսի 8-ին ստորագրուած համաձայնագրերը եւ նշեց, որ տարածաշրջանի տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացը տեղի պիտի ունենայ բացառապէս երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու նկատմամբ լիակատար յարգանքի հիման վրայ։ Ալի Լարիճանի ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ համաձայնութիւնները՝ կարեւորելով կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովումը Հարաւային Կովկասէ ներս։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Իրան երկկողմանի օրակարգին՝ ընդգծելով տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։
Արմէն Գրիգորեան Ապպաս Արաղչիի հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ալ քննարկեց երկկողմանի բազմաոլորտ համագործակցութիւնը՝ շեշտելով առկայ ծրագրերու իրականացման կարեւորութիւնը։ Զրուցակիցները կարեւորեցին փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած երկկողմանի շփումներու շարունակականութիւնը։ Կողմերը քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումները եւ ընդգծեցին խաղաղութեան պահպանման կարեւորութիւնը։
Իր կարգին, զօրավար Մուսաւին ալ Արմէն Գրիգորեանի հետ զրուցելու ընթացքին շեշտեց, որ արտատարածաշրջանային ուժերու գոյութիւնը մտահոգիչ է եւ պէտք է մշակել այնպիսի դրութիւններ, որոնք այդ անհամաձայնութիւնները կրնան նուազեցնել։ «Պատմական փաստերը կը վկայեն տարածաշրջանէ ներս ԱՄՆ-ի բացասական դերակատարութիւնը», յայտնեց Իրանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը։ Այս վերջինը համոզուած է, թէ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները պատմականօրէն բարիդրացիական ու եղբայրական եղած են։ Արմէն Գրիգորեանն ալ մատնանշեց ներկայ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը։ Ան անդրադարձաւ Սպիտակ տան մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, որոնց շրջանակներէն ներս Մուսաւի ողջունեց տարածաշրջանէ ներս հաստատուելիք խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։ Գրիգորեան եւ Մուսաւի կանգ առին նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին վրայ: