ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մինչ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի, երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ շփումներու խտութիւնն ալ կ՚ընթանայ զուգահեռաբար։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ առիթները բաց չեն թողուիր՝ միջազգային հաւաքներու շրջանակներէ ներս բարձր մակարդակի վրայ տեսակցութիւններու կազմակերպման առումով։ Նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Փաշինեանի երէկուան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Չինաստանի Թիէնծին քաղաքին մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փաշինեան կարեւորեցին տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման միտուած քայլերը։ Անոնք շեշտեցին շինիչ մօտեցումներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով։ Կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել երկխօսութիւնը։

Հայկական կողմի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ կատարուած են այս հրապարակումները, իսկ թրքական կողմը տեղեկացուց, որ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի զարգացումներուն կապակցութեամբ։ Նախագահը դիտել տուած է, որ Թուրքիա կը խրախուսէ տարածաշրջանէ ներս կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը՝ ընդգծելով պատրաստակամութիւնը այս գործընթացին նպաստելու ուղղութեամբ։ Էրտողան դիտել տուած է նաեւ, որ արժեւորման կ՚ենթարկուին այն հաւանական քայլերը, որոնք Թուրքիա-Հայաստան համագործակցութիւնը կրնան զարգացնել։ Էրտողան-Փաշինեան տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան։

Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Փաշինեան Թիէնծինի մէջ ունեցան նաեւ այլ բազմաթիւ երկկողմանի շփումներ։ Այս ամբողջին մէջ երկուքն ալ ընդունուեցան հիւրընկալ երկրի ղեկավարին՝ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի կողմէ։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան Թիէնծինի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի եւ գագաթաժողովին մասնակից այլ ղեկավարներու հետ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր Նիկոլ Փաշինեան-Շի Ծինփինկ հանդիպումը, որովհետեւ Երեւան-Փեքին առանցքին վրայ նոր հարթութիւն մը բնորոշեց ղեկավարներու այս շփումը։ Արդարեւ, Հայաստան եւ Չինաստան ստորագրեցին փաստաթուղթ մը, որով մտադրութիւն յայտնած են իրենց համագործակցութիւնը ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին հասցնելու համար։

Թիէնծինի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Փաշինեան-Փութին՝ վերջին շրջանին այնքան սպասուած տեսակցութիւնը։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով զանազան հարցերու։

   

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2025