ԼԱՅՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Վարշաւիոյ անվտանգութեան ֆորումի շրջանակներէն ներս։ Իր խօսքով՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հռչակագրի ստորագրումն ու խաղաղութեան հաստատումը ո՛չ միայն կ՚ապահովեն կայունութիւն կամ կը վերացնեն Եւրոմիութեան անմիջական հարեւանութեամբ առկայ մոխրագոյն գօտին, այլեւ կը ստեղծեն նոր տնտեսական եւ առեւտրային հնարաւորութիւններ։

«Պատկերացուցէք, երբ վերականգնուի Հայաստան-Ատրպէյճան երկաթուղային կապը, սա կարեւոր նշանակութիւն կ՚ունենայ ո՛չ միայն աշխարհի այդ հատուածին համար, այլեւ շատ աւելի մեծ տարածաշրջանի տեսակէտէ՝ ներառեալ Եւրոմիութիւնը։ Սակայն, այսքանով ալ չի սահմանափակուիր։ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատումը հնարաւորութիւն կու տայ տարածաշրջանի երկիրներուն ամրապնդել իրենց ինքնիշխանութիւնը, նուազեցնել կախուածութիւնը այլ խոշոր մայրաքաղաքներէ եւ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ ունենալ, օրինակ, առանձնայատուկ արտաքին քաղաքակութիւն։ Տամ յստակ օրինակ մը. Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ մենք ընդունեցինք օրէնք մը, որ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը պարտադիր պետական քաղաքականութիւն կը դարձնէ կառավարութեան համար։ Այսինքն, մեր կողմէ կայ քաղաքական կամք, կայ օրէնքով ամրագրուած որոշում եւ արդէն ԵՄ-ի մեր գործընկերները պէտք է տան իրենց որոշումը», ըսաւ Միրզոյեան։

Բաց աստի, ելոյթին մէջ նախարարը շեշտեց, որ Եւրոպայի հետ Հայաստանի համարկման հարցին մէջ պէտք չէ թոյլ տալ, որ դիւանակալութիւնը գերակայէ քաղաքական որոշումներուն դէմ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոյն հաւաքոյթի մասնակիցներէն էր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերով լիազօր Պենժամեն Հատտատ։ Այս վերջինը դիտել տուաւ, որ Փարիզ պատրաստակամ է աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրին։

Վարշաւիոյ մէջ Արարատ Միրզոյեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ֆորումի հիւրընկալ երկրի՝ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի հետ։ Ան այս փուլին ալ շօշափեց Հայաստանի ԵՄ-ի համարկման վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2025