ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ ԵԽԽՎ-Ի ՄԷՋ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նիստին։ «Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներու ապագան կը պատկերացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ», ըսաւ ան Սթրազպուրկի մէջ։ Վարչապետը եւրոպացի խորհրդարանականներուն առջեւ թերահաւատութիւն յայտնեց Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան վերադարձի հեռանկարին կապակցութեամբ։ Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի մանրամասնութիւններուն՝ ան ըսաւ. «Խաղաղութիւնը ամենօրեայ աշխատանք է»։
Մինչ այդ, ԵԽԽՎ-է ներս Փաշինեանին հարցում մը ուղղեց Անգլիոյ Պահպանողական կուսակցութենէն պատգամաւոր Էտուըրտ Լի։ Այս վերջինը անցեալ օգոստոսի 8-ին Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած հռչակագրի համատեսքին մէջ օգտագործեց «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան այս փուլին խստօրէն դատապարտեց անգլիացի պատգամաւորը։ «Ձեր նշած խօսոյթը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի փաստաթուղթերուն մէջ եւ կը բացակայի անոնցմէ։ Նման բան որեւէ փաստաթուղթի մէջ չկայ, չէ եղած եւ համոզուեցէք՝ պիտի չըլլայ», ըսաւ վարչապետը եւ ընդգծեց, որ խաղաղութեան գործընթացէն ներս կարեւորագոյն պայման է օրինական ու համաձայնեցուած բառապաշարի օգտագործումը։
«Իմ ելոյթներուն մէջ չկայ որեւէ բառ, որու ծագումնաբանութիւնը չկարողանամ ցոյց տալ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթերէն», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան կոպտագոյն խախտում կը նկատուի։