ՊԵԼԿՐԱՏԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ, կողմերու միջեւ շփումները կը խտանան բոլոր ուղղութիւններով։ Ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարար Մահինուր Կէօքթաշ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պելկրատի մէջ, ուր նախարարները մասնակցեցան «RISE 2025» համաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ Սերպիոյ տանտիրութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները շօշափեցին ոլորտային առաջնահերթութիւններու եւ այդ ուղղութիւններով ձեռնարկուած աշխատանքներու մասին։ Այս ամբողջին մէջ երկուստեք շեշտուեցաւ ընկերային ծառայութիւններու շրջանակի ընդլայնման ու որակի բարելաւման կարեւորութիւնը։ Կէօքթաշ եւ Թորոսեան յոյս յայտնեցին, թէ ոլորտային համագործակցութիւնը կը նպաստէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Հուսկ, կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին՝ փորձառութեան փոխանակման եւ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2025