THY ԹՌԻՉՔ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԻՋԵՒ
Թուրք օդային ընկերութիւնը (THY) որոշած է թռիչքներ հաստատել Երեւանի եւ Իսթանպուլի միջեւ։ Ընկերութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ թռիչքները կանոնաւոր բնոյթ պիտի ունենան։ «Հնարաւորութիւններէն ու շուկայի պայմաններէն կախեալ՝ որոշուած է սկսիլ կանոնաւոր թռիչքներու», նշուած է համապատասխան յայտարարութեան մէջ, ուր ժամկէտի մասին որեւէ բան չէ նշուած։
Յայտարարութեան մէջ թէեւ չէ յստակեցուած, թէ դէպի Երեւան թռիչքները Թուրքիոյ ո՞ր քաղաքէն պիտի իրականացուին։ Յամենայնդէպս, առաջին հերթին բոլորի միտքը կու գայ Իսթանպուլի վարկածը, որովհետեւ այլ ընկերութիւններ արդէն այդ ուղղութեան վրայ կը թռին։ Այս երեւոյթի տրամաբանական շարունակութիւնը կ՚ըլլայ, որ THY չուերթներ ունենայ նախ եւ առաջ Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ։
Տասնամեակներէ ի վեր, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ, THY դէպի Հայաստան որեւէ թռիչք չէր իրականացներ՝ այն հիմնաւորումով, որ պաշտօնական ընկերութիւնը չէր կրնար թռիլ դէպի երկիր մը, որու հետ յարաբերութիւնները բնականոն չեն։
Այժմ, ըստ երեւոյթին, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը այնպիսի փուլի մը հասած է, որ THY որոշած է այս քայլը առնել։ Անգարա-Երեւան կարգաւորման բանակցութիւններու շրջանակներէն ներս, կողմերու յատուկ ներկայացուցիչները վերջերս Երեւանի մէջ փոխըմբռնման հասած էին, որպէսզի չուերթներու պարագային ընկերութիւններու եւ ուղղութիւններու տեսակաւորութիւն հաստատուի։
THY-ի երէկուան յայտարարութիւնը արձագանգ գտած է նաեւ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի պաշտօնական լրահոսին մէջ։ Իրադարձութեան արձագանգած են թէ՛ TRT-ն եւ թէ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը։