ՀԱՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇԱՀԵՐ

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս գումարուեցաւ նիստը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան՝ խորհուրդը արժեւորեց Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ «Շեշտուած է վերջնական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ մեր կամքը եւ կարեւորութիւնը այն հաղորդակցութեան ուղիին, որ Ատրպէյճան-Նախիջեւան անխափան կապը ապահովելով՝ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն համահունչ արդիւնքներ ի յայտ պիտի բերէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Երկու ժամ տեւած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան նիստը, որուն առաջին անգամ մասնակցեցաւ Թուրք զինեալ ուժերու նոր հրամանատարական կազմը։ Զեկոյցին մէջ շեշտուած է, որ Թուրքիա անընդունելի կը նկատէ իր հարեւան աշխարհագրութեան մէջ ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորումը եւ այդ գետնի վրայով ծաւալապաշտութիւնը։ Վերահաստատուած է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ աջակցութիւնը։

Հարկ է ուշադրութիւն հրաւիրել, որ զեկոյցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու վերաբերեալ բաժնին մէջ, Ատրպէյճան-Նախիջեւան կապի պարագային չէ օգտագործուած «Զանգեզուրի միջանցք» բառակապակցութիւնը, զոր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջերս ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ալ օգտագործած էր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2025