ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷ ԱՆԴԻՆ
Աւստրիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի Պարսկական հետազօտութիւններու կաճառի եւ Չեխիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառի համագործակցութեամբ, վերջին օրերուն քաղաքիս մէջ տեղի ունեցաւ խորհըր-դաժողով մը, որու բացման ելոյթ մը ունեցաւ Անգլիայէն անկախ հետազօտող Ճանըթըն Լի։ «Սահմաններէ անդին. Աֆղանիստանի, Միջին Ասիոյ եւ Իրանի միջեւ գաղութայնական համեմատութիւններ եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած դժուարութիւնները (19-րդ դար-20-րդ դարասկիզբ)» խորագրեալ այս խորհրդաժողովի շըր-ջանակներէն ներս, քաղաքիս «Orient» գերմանական կաճառէն ներս տեղի ունեցաւ Ճանըթըն Լիի ելոյթը։ Ան 1972 թուականէն ի վեր դաշտի վրայ ուսումնասիրական աշխատանք կը տանի Աֆղանիստանի, Միջին Ասիոյ եւ Փաքիստանի հիւսիսին մէջ։ «Կայսրութեան սահմաններէն ներս ոչ-իսլամ հաւաքականութիւններու ինքնութեան եւ յարատեւութեան ռազմավարութիւնները» նիւթին ձօնուած էր Ճանըթըն Լիի ելոյթը։
Հարկ է նշել, որ մօտաւոր ապագային Էտինպուրկի համալսարանի հրատարակչութենէն լոյս պիտի տեսնէ Լիի նոր գիրքը, որ ձօնուած է Աֆղանիստանի պատմական հայկական հաւաքականութեան անցեալին։ Ան Իսթանպուլի ելոյթին ժամանակ ալ առանձնապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց Աֆղանիստանի հայկական հաւաքականութեան վերաբերեալ նիւթերու վրայ։ Անգլիացի գիտնականը մեկնաբանեց «ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններ» անուանեալ խմբաւորումներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յարատեւութեան ռազմավարութիւնները։ Իր խօսքով՝ անոնք որոշ լարուածութեան մը մթնոլորտին մէջ ապրած են ու ենթարկուած հասարակական սահմանափակումներու, սակայն նորէն, Աֆղանիստանէ ներս անոնց ուղղեալ բռնութիւնները կատարուած են պետութենէ դուրս տարրերու կողմէ։ Լի հեռաւորութիւն պահելով արտայայտուեցաւ այն խօսոյթին մասին, թէ անոնք հաւաքականութիւններ են, որոնք յարատեւ վախի մթնոլորտի մը մէջ ապրած են։ Այս կէտին վրայ ան տեղեկութիւններ տուաւ արդի Աֆղանիստանի կազմաւորման ճանապարհին հայոց կողմէ ապահովուած կարեւոր նպաստին շուրջ։