ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՊԱՀԵՐ
Երէկ, Իսթանպուլի ելմտական կեդրոնէն ներս հանդիսաւորապէս բացուեցաւ «Վաքըֆ» դրամատան ընդհանուր տնօրէնութեան նոր գեղարուեստասրահը, որ կը կոչուի «VakıfBank Sanat»։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան պատուոյ հիւրն էր Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողան, որ հատեց խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։ Հաւաքոյթի ընթացքին հրապարակուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի պատգամը։
«VakıfBank Sanat»ի երդինք տակ կազմակերպուած առաջին ձեռնարկը եղաւ՝ աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետ, մեծանուն լուսանկրիչ Արա Կիւլէրի գործերուն ցուցահանդէսը։ Մեծամասնութիւնը սեւ-սպիտակ 114 դրուագ ներկայացուեցաւ այցելուներուն։ Էմինէ Էրտողան լուսանկարներուն ծանօթացաւ՝ ուղեկցութեամբ «Տողուշ» խմբակի գեղարուեստական խորհրդատու Չաղլա Սարաչի։
Բացման արարողութեան ներկաներու շարքին էին ելմտական ու պետական գանձի նախարար Մեհմէտ Շիմշէք, հանրապետութեան նախագահի աշատակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, «Տողուշ» խմբակի ղեկավար Ֆերիթ Շահենք, դրամատուներու ղեկավարներ, արուեստագէտներ, գործարարներ, մշակոյթի եւ գեղարուեստի գծով խմբագիրներ, լուսանկարիչներ, այլ հիւրեր, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան նախագահութեան մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութեան խորհուրդի անդամները, որոնց շարքին էր Արամ Քուրան։