ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՆՑՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այնպիսի քայլ մը առաւ, որ աշխարհի օրակարգին վրայ է հարցերու շարան մը։ Վենեզուելայի մէջ առնուած քայլը, մեծ հաշուով, այդ երկրի ապագան կը մատնէ անորոշութեան։ Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Մատուրոյէն ետք Վենեզուելան, երբ ան արագ գործողութիւնով մը ձերբակալուեցաւ։

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Նիքոլա Մատուրոյի ձերբակալումը կատարուեցաւ՝ վերջին ամիսներուն Ուաշինկթըն-Քարաքաս լարուած յարաբերութեանց, նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ հնչած ռազմական սպառնալիքներէն յետոյ։ Մատուրոյի հարցը վճռուեցաւ, երբ 2 յունուար 2026-ին ԱՄՆ օդային հարուածներ հասցուց Վենեզուելայի դէմ։ Մայրաքաղաք Քարաքասը լուսադէմին ցնցուեցաւ պայթումներով։ Քիչ անց, նախագահ Թրամփ տեղեկացուց, որ ամերիկեան զօրքերը ձերբակալած են Նիքոլաս Մատուրոն եւ կինը՝ Սիլիա Ֆլորէսը՝ զանոնք օդային ճամբով դուրս բերած են երկրէն։

Իր կարգին, ԱՄՆ-ի աւագ դատախազ Փեմ Պոնտի յայտնեց, որ անոնք պիտի դատուին Նիւ Եորքի մէջ՝ թմրանիւթերու վաճառքի եւ նարքո-ահաբեկչութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալու մեղադրանքով։ Դէպքին յաջորդած օրը նման նոր մեղադրական հաղորդագրութիւն մըն ալ հրապարակուեցաւ։

Նախագահ Թրամփ «Truth Social» հարթակին վրայ կը տեղադրէր լուսանկար մը՝ «Նիքոլաս Մատուրոն USS Iwo Jima-ի վրայ» գրառմամբ։ Աւելի ուշ, Սպիտակ տունը հրապարակեց տեսանիւթ մը, ուր Մատուրոն կ՚երեւէր ձեռնաշղթաներով՝ ԱՄՆ-ի Թմրանիւթերու դաշնային ծառայութեան (DEA) գրասենեակին մէջ։

Միջազգային յարաբերութիւններու առումով այս յարձակումը եւ պաշտօնավարող նախագահ մը ձերբակալելը աննախադէպ քայլ մը կը համարուի։ Այս դէպքը կատարուեցաւ՝ յատկապէս վերջին ամիսներուն երեւելի ու բացայայտ դարձած Մատուրոյի դէմ ամերիկեան ճնշումներու քաղաքականութեան զուգահեռ։ Անցեալ սեպտեմբերէն ի վեր, Թրամփ մեծ զօրքեր կուտակած էր Վենեզուելայի ափերուն, հարուածներ հասցուցած էր «ենթադրեալ» թմրանիւթ փոխադրող նաւերու եւ բռնագրաւած՝ վենեզուելական նաւթատարներ։ Ըստ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու՝ առնուազն 110 մարդ զոհուած է այդ գործողութիւններուն հետեւանքով, ինչ որ կրնայ պատերազմական յանցագործութիւն նկատուիլ։

Այս գործողութիւնը Լատինական Ամերիկայի մէջ ԱՄՆ-ի ամենամեծ ուղղակի զինուորական միջամտութիւնն է՝ 1989 թուականի Փանամայի ներխուժումէն ի վեր, որ խորքային կերպով ցնցած էր միջազգային հանրութիւնը։

Ի դէպ, Մարա Լակոյի մամլոյ ասուլիսին, Թրամփ յայտարարեց, որ ԱՄՆ ժամանակաւորապէս պիտի կառավարէ Վենեզուելան՝ մինչեւ իշխանութեան փոխանցում։ Ան յայտնեց, որ ամերիկեան նաւթային ընկերութիւնները պիտի մտնեն Վենեզուելա։

Այս բոլորէն ետք յստակ է մէկ բան, որ Վենեզուելայի քաղաքական ապագան տակաւին անորոշ է։ Հակառակ Թրամփի յայտարարութիւններուն՝ երկրի բանակը տակաւին կը վերահսկէ հիմնական ռազմական կառոյցները։ Վենեզուելայի Գերագոյն դատարանը փոխ-նախագահ Տելսի Ռոտրիկեզը նշանակեց ժամանակաւոր նախագահ՝ Մատուրոյի «ժամանակաւոր բացակայութեան» պատճառով։

Ռոտրիկեզը, որ մարքսիստ շարժման ժառանգորդներէն է, բայց, նաեւ կրթուած դիւանագէտ, ըստ Թրամփի՝ ստիպուած է համագործակցիլ Ուաշինկթընի հետ։ Թրամփ, միեւնոյն ժամանակ, մերժեց Վենեզուելայի ժողովրդավարական ընդդիմութիւնը՝ յայտնելով, թէ Նոպելի մրցանակակիր Մարիա Կորինա Մաչատօ չունի անհրաժեշտ աջակցութիւն։

Թէ ինչպէ՞ս հասաւ այս կէտը։ Թրամփի նախագահութեան երկրորդ ժամկէտի սկիզբէն ի վեր Վենեզուելան դարձած էր անոր հիմնական թիրախներէն մին։ Ան Մատուրոն մեղադրեց թմրանիւթերու վաճառքի, տարածաշրջանային ապակայունացման եւ ապօրինի գաղթի մէջ։ Անցեալ յուլիսին, ԱՄՆ 50 միլիոն տոլարի մրցանակ սահմանեց Մատուրոյի գլխուն համար։

Այստեղ հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-Վենեզուելա լարուածութիւնը խոր անցեալ մը ունի։ Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները սկսան վատթարանալ 1999-ին՝ երբ Հիւկօ Չաւեզ իշխանութեան գլուխ եկած էր։ Չաւեզի մահէն ետք, 2013-ին իշխանութեան գլուխ եկաւ Մատուրօ, որու օրով երկիրը դիմագրաւեց տնտեսական եւ քաղաքական խոր ճգնաժամ մը։ 2024-ի նախագահական ընտրութիւններուն, ըստ միջազգային դիտորդներու՝ Մատուրօ ծանր պարտութիւն մը կրեց, սակայն, իշխանութիւնը պահեց կոշտ ճնշումներով։ 2024-ի դեկտեմբերին, Թրամփի վարչակազմը հրապարակեց այն, ինչ որ անուանուեցաւ «Թրամփեան ուղղութիւն», ըստ որու՝ Արեւմտեան կիսագունդը պէտք է գտնուի ԱՄՆ-ի քաղաքական եւ ռազմական վերահսկողութեան տակ։

Իրականութեան մէջ ո՞վ է Նիքոլա Մատուրոն եւ ինչո՞ւ ձերբակալուեցաւ։ Մատուրօ Վենեզուելայի նախագահն էր 2013-էն ի վեր։ Նախկին երթուղային վարորդ մը, ան բարձրացաւ քաղաքական աստիճաններով Չաւեզի օրօք։ ՄԱԿ-ի գնահատականով՝ անոր իշխանութեան տարիներուն տասնեակ հազարաւոր մարդիկ զոհ գացին արտադատական սպանութիւններու։ Թրամփ զինք կը մեղադրէ թմրանիւթերու եւ յանցաւոր ցանցերու միջոցով ԱՄՆ-ին վնաս հասցնելով՝ թէեւ մասնագէտներ կը նշեն, որ այս մեղադրանքներուն համար յստակ ապացոյցներ չկան։

Գալով Վենեզուելայի մութ ապագային… Այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարած է, որ դիմադրութիւն պիտի ըլլայ օտար ներխուժումներու դէմ։ Թէեւ Մատուրոն ձերբակալուած է, սակայն, պետական եւ զինուորական կառոյցները տակաւին կը գործեն։

ԱՄՆ չի բացառեր նոր ռազմական գործողութիւնները։ Փորձագէտներու կարծիքով, իշխանութեան գլխատումը կրնայ յանգեցնել երկարատեւ քաոսի, ներքին բախումներու եւ գաղթականներու զանգուածային հոսքի։ Յստակ է, որ ԱՄՆ վճռած է առանց երկմտելու դեր խաղալ Վենեզուելայի ապագային մէջ՝ ուժով կամ այլ միջոցներով։

Նիքոլա Մատուրոյի ձերբակալումը ո՛չ միայն Վենեզուելայի քաղաքական պատմութեան շրջադարձային պահերէն մին է, այլեւ միջազգային կարգի մը խոր ճեղքման արտայայտութիւնը։ Առաջին անգամ չէ, որ մեծ տէրութիւն մը կը միջամտէ փոքր կամ տկար պետութեան մը ներքին գործերուն, սակայն, այս պարագային միջամտութիւնը տեղի ունեցաւ բացայայտ, անթաքոյց եւ ցուցադրական ձեւով՝ առանց դիւանագիտական ծածկոցներու։

Թրամփի վարչակազմը փաստօրէն հռչակեց, որ ուժը կրնայ վեր դասուիլ միջազգային օրէնքէն, իսկ «կայունութիւն» հասկացութիւնը կրնայ սահմանուիլ՝ ըստ հզօրի շահերուն։ Այս տրամաբանութեան մէջ ժողովրդավարութիւնը կը դառնայ գործիք, ո՛չ թէ սկզբունք, իսկ մարդու իրաւունքները՝ ընտրովի փաստարկ։

Վենեզուելայի պարագան նաեւ զգուշացնող ազդանշան մըն է բոլոր այն երկիրներուն համար, որոնք քաղաքական, տնտեսական կամ աշխարհաքաղաքական առումով կը գտնուին մեծ ուժերու աքցանին միջեւ։ Երբ պետութիւն մը կը թուլանայ ներսէն, երբ իր ժողովուրդին վստահութիւնը կը քայքայուի, ապա ան կը վերածուի դիւրին թիրախի մը՝ արտաքին փրկարարներու համար, որոնք յաճախ կը բերեն ո՛չ թէ ազատագրում, այլ նոր կախուածութիւն։ Այսօր Վենեզուելան կանգնած է ճակատագրական խաչմերուկի մը առջեւ։ Սակայն, հարցը միայն Վենեզուելայի մասին չէ։ Հարցը այն է, թէ ի՞նչ տեսակի աշխարհակարգ մը կը կառուցուի մեր աչքերուն առջեւ։ Աշխարհ մը, ուր իշխանութիւնը կը փոխանցուի դատարաններու եւ ժողովուրդներու միջոցով, կամ աշխարհ մը, ուր զէնքը կը դառնայ վերջին, բայց, վճռական փաստարկ։

Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ուժով պարտադրուած կարգը հազիւ թէ երկար կեանք կարենայ ունենալ։ Իսկ այն ժողովուրդները, որոնք կը կորսնցնեն ինքնորոշման իրաւունքը, նոյնիսկ բռնապետի անկումէն ետք, յաճախ իրենք զիրենք կը գտնեն նոր ձեւի մը ներքոյ եւ նոր դրօշի մը տակ։

Վենեզուելայի ապագան տակաւին անորոշ է, բայց, մէկ բան յստակ է․այսօր այնտեղ փորձարկուածը կրնայ վաղը կրկնուիլ այլ տեղերու մէջ։ Եւ այդ պատճառով այս դէպքը պէտք է ընկալուի՝ ո՛չ միայն որպէս լատինամերիկեան ճգնաժամ, այլ որպէս համաշխարհային նախազգուշացում։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 10, 2026