ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանը հետզհետէ ուշադրութեան կ՚արժանանայ հայ իրականութենէն ներս: Ականաւոր լեզուաբան ու բառարանագիր Հրաչեայ Աճառեանի տարեդարձի օրը՝ մարտի 8-ին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան այց մը տուաւ Հրաչեայ Աճառեանի շիրմին, որ կը գտնուի Երեւանի «Թոխմախ» քաղաքային գերեզմանատան մէջ: Նախարարին հետ էին Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի նախագահ Սարգիս Հայոցեան, Լեզուի կոմիտէի նախագահ Սիրանոյշ Դվոյեան, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Սուզաննա Խոջամիրեան, ինչպէս նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի շառաւիղները: Բոլորը ծաղիկներ խոնարհեցին մեծ ակադեմիկոսի շիրմին առջեւ՝ թարմացնելով իրենց յարգանքի տուրքը անոր նկատմամբ:

Նկատի ունենալով, որ Հրաչեայ Աճառեան հայագիտութեան նշանաւոր երախտաւորներէն մին է՝ իր ծննդեան յոբելեանին առթիւ կը նախատեսուին շարք մը հանդիսութիւններ: «Աճառեան 150» յոբելենական տարուայ շրջանակներէն ներս կը ծրագրուին շարք մը ձեռնարկներ՝ ներառեալ միջազգային գիտաժողով մը: Բաց աստի, գիտական աշխատարաններու եւ տարբեր կրթական նախաձեռնութիւններու իրականցումը, դպրոցներէ ներս ընթերցումներու եւ ճանաչողական ծրագրերու կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ ցուցադրութիւն մը՝ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, նաեւ Մատենադարանի համագործակցութեամբ օրակարգի վրայ են: Յոբելգնական տարուայ միջոցառումներու ամբողջ ծրագիրը կը քննարկուի եւ կը հաստատուի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի որոշմամբ ստեղծուելիք կառավարական յանձնաժողովի յառաջիկայ նիստին: 

Յատկանշական է, որ ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ «Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2026-2027 թուականներու օրացոյցին վրայ»: Այս ամբողջին մէջ ընդգծուած է նաեւ համապատասխան ձեռնարկներու կազմակերպման կարեւորութիւնը՝ գիտնականի գործունէութիւնը աւելի լայն շրջանակներէ ներս ներկայացնելու նպատակով:

Հրաչեայ Աճառեան (1876-1953) հայ եւ համաշխարհային լեզուաբանական մտքի բացառիկ ներկայացուցիչներէն մին է, որու գիտական ժառանգութիւնը հիմնարար նշանակութիւն ունի ընկերային գիտութիւններու զարգացման համար: Աճառեանի բազմակողմանի գիտական գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ հայոց լեզուի գրեթէ բոլոր հիմնական բնագաւառները՝ բարբառագիտութիւն, պատմահամեմատական լեզուաբանութիւն, բառագիտութիւն, քերականութիւն, անուանաբանութիւն եւ հայ գիրերու պատմութիւն:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026