ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՐԱԴԱՍ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է դէպի Ֆրանսա: Այսօր, Փարիզի մէջ, ան կը մասնակցի Միջուկային ուժանիւթի գագաթաժողովին: Վաղը, Նիկոլ Փաշինեան Փարիզէն կ՚անցնի Սթրազպուրկ, ուր ելոյթով մը հանդէս կու գայ Եւրոխորհրդարանի առջեւ: Նախատեսուած է նաեւ Փաշինեանի հանդիպումը՝ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ:
Սա Նիկոլ Փաշինեանի երկրորդ ելոյթը պիտի ըլլայ Եւրոխորհրդարանէն ներս. նախորդը տեղի ունեցած էր 2023 թուականին: Իսկ այս ելոյթը ուշագրաւ է ժամկէտին առումով, որովհետեւ կը զուգադիպի Հայաստանի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ: Սթրազպուրկի մէջ Փաշինեան մասնաւորապէս կ՚անդրադառնայ Հայաստան-Ատրպէյճեան հաշտութեան գործընթացի յառաջխաղացման ուղիին: «Հայաստանի կառավարութիւնը յանձնառու է Ատրպէյճեանի հետ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Արեւմուտքի հետ մերձեցման եւ Եւրոմիութեան ապագային հաւանական անդամակցութեան յայտ ներկայացնելու», մատնանշուած է Փաշինեանի այցլութեան ընդառաջ կառավարութեան աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն աղբիւրները կը յիշեցնեն, որ Եւրոմիութիւնը ներկայիս մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման ուղղեալ երկխօսութիւն մը կը վարէ Հայաստանի հետ: Բաց աստի, յառաջիկայ մայիսի 5-ին նախատեսուած է ԵՄ-Հայաստան գագաթաժողովը: Սա տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին զուգահեռ:
Սթրազպուրկ մեկնելու ընդառաջ, երէկ, Նիկոլ Փաշինեան տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած քննարկման մը: Հեռավար այս հանդիպման մասնակցեցան տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու ղեկավարները, որոնք քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ տարածաշրջանային լարուածութեան նուազեցման հաւանական ուղիները:
Իր կարգին, քննարկման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանն ալ մասնակիցներուն հետ բաժնեց իր մօտեցումները եւ փոխանակեց ստեղծուած իրավիճակն ու հաւանական հանգուցալուծման վերաբերեալ գաղափարները՝ կարեւորելով դիւանագիտական ջանքերու աշխուժացումը: Իր խօսքով՝ Հայաստան մտահոգութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն՝ յատկապէս հաշուի առնելով, որ լարուածութեան մէջ ներքաշուած են Հայաստանի համար բարեկամ եւ գործընկեր շարք մը երկիրներ: Վարչապետը կարեւորեց լարուածութեան նուազեցման եւ իրավիճակի կայունացման ուղղեալ դիւանագիտական ջանքերը՝ ընդգծելով ճգնաժամի հնարաւորինս արագ հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը: Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու խաղաղութեան եւ կայունութեան միտուած բոլոր շինիչ նախաձեռնութիւններուն:
Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ: Նիստի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակը: Վարչապետին զեկոյցներ ներկայացուեցան՝ աւելի վաղ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքի մանրամասնութիւններուն շուրջ:
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծագած պատերազմը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի ենթարկուած յարձակումները եւ յարակից իրադարձութիւնները անմիջականօրէն կ՚անդրադառնան նաեւ Հարաւային Կովկասի վրայ: Այս հանգամանքի վառ դրսեւորումներէն մին եղաւ՝ Նախիջեւանի վրայ ինկած անօդաչու թռչող սարքերու վերաբերեալ հարցը: Ատրպէյճան այս ուղղութեամբ խիստ ոճով մեղադրեց Իրանը: Թէեւ Թեհրան բոլոր մակարդակներու վրայ հերքեց այդ ռմբակոծութեան իր կողմէ կատարուած չըլլալը, սակայն, ըստ երեւոյթին, Պաքու հարիւր տոկոս չէ բաւարարուած այդ բոլորով: Յամենայնդէպս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը: Ալիեւ հեռաձայնով զրուցեց նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ: Կը հաղորդուի, որ Փեզեշքիան Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին հերթական անգամ հերքած է այն պնդումները, ըստ որոնց՝ Իրան անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է Նախիջեւանի վրայ: Միջազգային լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ, որ Իլհամ Ալիեւ մտահոգութեան մատնուած է՝ իր երկրի պատերազմի ներքաշման հաւանականութեան կապակցութեամբ:
Միւս կողմէ, ստեղծուած իրավիճակին մէջ Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ սերտ շփումներն ալ կը շարունակուին: Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը: Հանդիպման ընթացքին երկու նախարարները անդրադարձան Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակին եւ կարծիքներ փոխանակեցին՝ իրարու տեսակէտէ առաջնահերթ, փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթերու շուրջ: