ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
ՆՈՐԻՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ
ՏԻԱՐ ՄԱՐԹԻՆ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ՝
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ
ԵՐԵՒԱՆ
Ձերդ գերազանցութիւն, յարգելի պրն. Գալստեան, սիրելի Մարթին,
Գոհունակութեամբ վերահասու եղանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին ձօնուած յուշադրամ մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 5 մարտ 2026 թուակիր համարով անդրադարձած է այս իրադարձութեան։
Պոլսահայութեան տեսակէտէ չափազանց նշանակալից կը համարուի այս յուշադրամի թողարկումը։ Արդարեւ, Հրաչեայ Աճառեան հասած է Պոլսոյ պատմական Սամաթիա թաղէն, ուր հայկական վարժարանի սրահը կոչուած է իր անունով։ Հրաչեայ Աճառեան եղած է տիրական սաներէն Կեդրոնական վարժարանի, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալու ժամանակ, ըստ որոշ տուեալներու՝ հայերէնի աւարտական քննութեան դատակազմին մաս կազմած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հոգելոյս համահիմնադիր Միսաք Գօչունեան։
Վստահաբար, այս բոլորը Ձեզի անծանօթ չըլլայ՝ քանի յուշադրամի թողարկման տնօրինութեան ժամանակ Հրաչեայ Աճառեանի կենսագրութեան մանրամասնութիւնները հաշուի առնուած կ՚ըլլան։ Այս կէտէն սկսեալ Ձեր նկատառման կը յանձնենք առաջարկ մը։
Շատ նպատակայարմար կ՚ըլլայ, եթէ պոլսահայ վերոյիշեալ կառոյցներուն համար տրամադրուին յուշադրամէն օրինակներ։ Եթէ բարի ըլլաք համապատասխան կարգադրութիւնը ընելու, ապա յուշադրամի թողարկումը արժեւորուած կ՚ըլլայ իսկապէս շատ խորհրդանշական ձեւով՝ կամրջելով ժամանակներն ու տարածութիւնները։ Լիայոյս ենք, թէ դրական մօտեցում կը ցուցաբերէք այս համեստ առաջարկի պարագային։
Հուսկ, յաջողութիւն կը մաղթենք, պրն. Գալստեան, Ձեր ծանր առաքելութեան ճանապարհին։ Ընդունեցէ՛ք, խնդրենք, մեր ամենախորին յարգանքի հաւաստիքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ
ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ