ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐ
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահիտ Ճալալզատէն, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
«Բարեկամ Իրանի հետ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ կառուցուած երկկողմանի յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին Հայաստանի համար։ Փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն առաւել ընդգրկուն դարձնել երկկողմանի օրակարգը՝ միեւնոյն ժամանակ շարունակելով աշխոյժ երկխօսութիւնն ու սերտ համագործակցութիւնը», յայտնեց զրոյցի ընթացքին Ռուբէն Ռուբինեան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները։ Ճալալզատէի խնդրանքին ընդառաջ՝ Ռուբինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։ Ծանօթ է, որ Ռուբինեան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի բանակցութիւններէն ներս հայկական կողմի յատուկ ներկայացուցիչն է։
Միւս կողմէ, Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի երէկ յայտարարեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ որեւէ միջանցք գոյութիւն պիտի չունենայ։