ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ, Հայաստան-Իրան-Հնդկաստան առանցքին վրայ կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Թեհրանի մէջ։ Այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու տարածաշրջանային վարչութիւններու ղեկավարները եռակողմանի հանդիպում մը ունեցան։ Թէ՛ Հարաւային Կովկասի եւ թէ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ՝ Երեւան-Թեհրան-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ նոր ու կարեւոր խմորումներ տեղի կ՚ունենան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երէկուան հանդիպման ընթացքին պատուիրակութիւնները գլխաւորեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Ասիոյ եւ Խաղաղ ովկիանոսի երկիրներու վարչութեան պետ Անահիտ Կարապետեան, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Ասիոյ հարցերով ընդհանուր տնօրէն Մուհամմէտ Ռըզա Պահրամի եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Փաքիստանի, Աֆղանիստանի եւ Իրանի գծով գլխաւոր վարչութեան պետ Անանտ Փրաքաշ։
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին այս հանդիպման կազմակերպման եւ տարեկան պարբերականութեամբ իրականացման ուղղութեամբ։ Անոնք ամփոփեցին 2023 թուականի ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպման եւ անցեալ տարուայ դեկտեմբերին Նիւ Տելհիի մէջ կազմակերպուած երկրորդ հանդիպման ընթացքին ընդունուած որոշումներու արդիւնքով արձանագրուած յառաջընթացը։ Կողմերը նաեւ ընդգծեցին յիշեալ հանդիպումներու արդիւնքով սահմանուած նպատակներու իրականացման կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ շահերը երաշխաւորելու եւ տարածաշրջանէ ներս բարգաւաճումն ու բարեկեցութիւնը խթանելու նպատակով։
Բանակցութիւններու ընթացքին ընդգծուեցաւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման կարեւորութիւնը՝ մասնաւորապէս հաղորդակցութիւններու, Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքի (INSTC), ինչպէս նաեւ Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի շրջանակներէն ներս՝ այդ նպատակով օգտագործելով Ճապահարի նաւահանգիստի ռազմավարական դիրքը։ Կողմերը նաեւ քննարկեցին ու կարեւորեցին տնտեսական, առեւտրային, մշակութային, ժողովուրդներու միջեւ կապերու եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ ոլորտներէ ներս յարաբերութիւններու զարգացման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։
Հայաստան, Իրան եւ Հնդկաստան փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշեցին, որպէսզի եռակողմանի յաջորդ հանդիպումը դարձեալ տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ՝ դիւանագիտական ճանապարհներով համաձայնեցուելիք ժամկէտներով։