ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԹԵՒԵՐ
Հայաստանի մէջ յաջորդ տարի նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքը հետզհետէ կը դառնայ աւելի եռուն։ Այս ամբողջին մէջ ընդդիմադիր դաշտէն ներս կը ձեւաւորուին նոր կուսակցութիւններ, որոնք կը խոստանան այլընտրանքային բեւեռներ ձեւաւորելու հեռանկարը։ Այս առումով երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնը պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ հանրային կարծիքին՝ ընդհանուր հիմնադրութեան եւ առաջին համագումարի մը պայմաններուն ներքեւ։
«Միասնութեան թեւեր»ը կը գլխաւորուի Հայատանի նախկին մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի կողմէ։ Այս վերջինը 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ժամանակաշրջանին իր գլխաւորած հիմնադրամին միջոցաւ ծաւալած է կարեւոր գործունէութիւն՝ արժանանալով հանրային կարծիքի նկատելի ուշադրութեան։ Արման Թաթոյեան վերջին տարիներուն միշտ հետամուտ եղած է Արցախի հայրենազրկեալ հայութեան իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ պայքարով։ Ան այս բոլորին հետամուտ եղած է նաեւ զանազան միջազգային հարթակներու վրայ։