ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցան Տուշանպէի մէջ, ուր կը մասնակցին Տաճիկիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի մամուլին բաց հատուածին մէջ Փութին եւ Ալիեւ սահմանափակուեցան անդրադառնալով միայն Ատրպէյճանի օդային ընկերութեան Ռուսաստանի տարածքէն ներս ունեցած արկածին վերաբերեալ ակնարկութիւններով։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ կը մասնակցի Տուշանպէի գագաթաժողովին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2025