ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԱՆԳՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը պատրաստ է կամրջել Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան։
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ «Համաշխարհային դարպաս» (Global Gateway) համաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այսպէս, ան նշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատմամբ եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի առկայ դրական թափի համատեսքին մէջ իրականութիւն կը դառնայ՝ իր գլխաւորած կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը։ Սա ունի ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասի, այլ աւելի լայն տարածաշրջանի թափը փոխելու ներուժ։ Վարչապետը շատ խորհրդանշական նկատեց այս ֆորումի ընթացքին Երեւանի կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան ներկայացուիլը՝ հիւսիս-հարաւ եւ արեւմուտք-արեւելք կապի կարեւոր հանգոյց մը դառնալու տեսլականով։