ԿԱԶԶԷԻ ԱՐԻՒՆԱՀԵՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՍԵՑՄԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՒԱՔ ՄԸ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ջանքերով Կազզէի պատերազմի վերջ գտնելուն ուղղեալ նախաձեռնութեան շօշափելի հարթութեան տեղափոխումը այս օրերուն կը բնորոշէ միջազգային հանրութեան օրակարգը։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան մէջ ծաւալուն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ շրջապատուած ըլլալով իր ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերով։ Ուաշինկթըն այս փուլին առաջադրած է ծրագիր մը, որ արժանացած է թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ «Համաս»ի հաւանութեան։ ՄԱԿ-ն ալ վերջին օրերուն ողջունեց այս իրադարձութիւնը։ Թրամփ երէկուան ելոյթին մէջ մասնաւորապէս գնահատանք արտայայտեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի նկատմամբ։

Այս իրադարձութեան զուգահեռ՝ միջազգային բեմահարթակի վրայ աշխատանք սկսած է՝ խաղաղութեան ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։ Երէկ, նման կարեւոր հաւաք մը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Ֆրանսայի կողմէ հիւրընկալուած այս հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակցելու առընթեր, Ֆիտան Փարիզի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։

Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ համաձայնութիւնը առաջին փուլին չորս հիմնական նպատակ կը հետապնդէ։ Թուրքիա դաշտի վրայ պիտի հետեւի հրադադարին։ «Համաս»ի եւ Իսրայէլի միջեւ ստորագրուած հրադադարին կապակցութեամբ Ֆիտան ըսաւ, որ երկու տարիէ ի վեր Կազզէէ ներս կ՚ընթանար ցեղասպանութիւն մը, որու կասեցման ուղղութեամբ յոյս մը յայտնաբերուած է։ Ան համոզուած է, թէ ծրագրի առաջին փուլին պէտք է հետեւիլ մեծ նախանձախնդրութեամբ։ Կազզէի մէջ դաշտի վրայ կացութիւնը պիտի վերահսկէ՝ Թուրքիոյ եւ Քաթարի կողմէ ուղարկուելիք խումբ մը։

«Համաձայնութեան իրականացման զուգահեռ՝ աստիճանաբար ի յայտ պիտի գան նաեւ նոր խնդիրներ։ Այդ բոլորին գործնական պատասխաններ գտնելու համար յիշեալ խումբը շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէ ժամանակի ընթացքին», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2025