ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏԻ ԱՅՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորեց Թուրքիոյ հրեայ համայնքի նոր րաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սիվին։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փութաց Քուլետիպիի Նեւէ Շալոմ սինակոկը, ուր հրէից նորընտիր խախամապետը կ՚ընդունէր շնորհաւորութիւնները՝ իր պաշտօնամուտին առթիւ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին եւ թրքահայ համայնքին, Նորին Ամենապատուութիւնն ու Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յղեցին բարեմաղթանքներ։
Նոյն առթիւ քաղաքիս քրիստոնեայ բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդներ եւս այցելեցին Նեւէ Շալոմ սինակոկը՝ ներառեալ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. ուղղափառաց ծայրագոյն պատրիարքն ու Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։
Շնորհաւորական այս այցելութիւնը, որ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները համախմբեց հրէից նոր րաբունապետի պաշտօնամուտին առթիւ, առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու օրակարգային զանազան հարցերը հերթական անգամ արծարծուին։