ՆՈՐ ՈՐԱԿՈՎ ԿԱՊԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց, որ Գերմանիա կ՚աջակցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ ցամաքային սահմանի բացման ուղղեալ ջանքերուն։

Դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, երէկ, Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի եւ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգին վերաբերեալ համատեղ հռչակագիր մը։ Փաշինեան մէկտեղուեցաւ նաեւ Գերմանիոյ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Իր կարգին, Ֆրիտրիխ Մերց յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ նաեւ Եւրոմիութեան տեսակէտէ։ Իր խօսքով՝ Պերլին շահագրգռուած է, որ Երեւան մերձենայ Եւրոպային։ Մերց համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը կրնայ օրինակ ծառայել այլ տարածաշրջաններու համար։

Փաշինեան յայտնեց, որ Երեւան եւ Պերլին յարաբերութիւնները կը տեղափոխեն ռազմավարական գործընկերութեան փուլ։ «Բարձր կը գնահատենք ժողովրդավարական բարեփոխումներու հարցին շուրջ Գերմանիոյ ցուցաբերած աջակցութիւնը», ըսաւ ան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը արժեւորեցին նաեւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2025