ՆԵՐԱՌԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հրատապ օրակարգ դարձած է՝ աղքատութեան դէմ պայքարի միջոցները տարբեր հարթութեան մը վրայ դնելու հրամայականը։ Եթէ մինչեւ մօտաւոր անցեալը թաղերու աղքատախնամ մարմիններու գործունէութեան արդիւնաւէտութեամբ լուծելի էին խնդիրները, ապա, այժմ հարցը բոլորովին տարբեր ծաւալներ ունի։ Համայնքը տասնամեակներէ ի վեր հիմնական միջոցները կրթական համակարգի կարիքները դիմագրաւելու վրայ կեդրոնացուցած է։ Ներկայիս, հաստատութիւններու մակարդակէն անդին, անհատական մակարդարկի վրայ կարիքներու հասնելու համար ճար կը փնտռուի։
Պատրիարքական Աթոռն ալ կը ջանայ արձագանգել այս մարտահրաւէրներուն։ Համավարակի շրջանին ստեղծուած Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կը ջանայ գործունէութիւնը համապատասխանեցնել արդի իրադրութեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիզակէտին կը պահէ համապատասխան իրադարձութիւնները։ Աթոռը զգայնութիւն կը դրսեւորէ, որպէսզի առանց կրթական հաստատութիւններուն ի նպաստ տրամադրուած միջոցներու կայունութիւնը վտանգելու՝ այս խնդիրներուն համար ալ լուծում գտնուի։
Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ, ընդհանրապէս, աշխարհի հանգամանքներով պայմանաւորուած՝ զանգուածներու կենսամակարդակին ուղղեալ սպառնալիքները կ՚ահագնանան մտահոգիչ թափով։ Սննդամթերքի գիներու անհամեմատ բարձրացումէն սկսեալ՝ մինչեւ այլ տարրական կարիքներու կամ ծառայութիւններու գիներուն վրայ սղաճին գործած ազդեցութիւնը, առօրեան կը դժուարացնեն շարք մը ազդակներ, որոնցմէ անմասն չեն նաեւ թրքահայ համայնքի անհատները։ Այս մռայլ համայնապատկերին վրայ, երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը՝ նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Օրակարգի վրայ եկան աղքատացման ընթացքին դէմ մաքառման միջոցներու որոնումները։ Նորին Ամենապատուութիւնը ժողովականներուն բացատրեց, որ չքաւորութիւնը կրնայ քայլ առ քայլ դառնալ համատարած, ինչ որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ամբողջ դրուածքին տեսակէտէ անդառնալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Խորհրդակցութեան հրաւիրուած էին մեր համայնքի այն անհատները կամ կամաւոր խմբաւորումներու ներկայացուցիչները, որոնք ընկերային օժանդակութեան, զօրակցութեան ոլորտին մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ատենապետ Հերման Գավաֆեանն ու քարտուղարուհի Ժոսլին Տինչքայըքճըն, ինչպէս նաեւ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։
Ժողովի սկիզբին վերյիշում մը կատարուեցաւ՝ շուրջ ամիս մը առաջ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ կազմակերպուած խորհրդակցութեան շուրջ։ Ի շարունակութիւն, երէկուան խորհրդակցութիւնը հետամուտ էր այդ ժամանակ արձանագրուած իրողութիւններու լոյսին տակ պայքարի աւելի արդիւնաւէտ միջոցներ որոնել եւ համայնքէն ներս համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ դնել։
Ժողովասեղանի շուրջ համախմբուածները համակարծիք գտնուեցան, թէ բողոքելու փոխարէն՝ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնել։ Յանձնառութեան պատրաստակամութիւնը պէտք է արմատաւորել։ Զուգահեռաբար՝ համայնքէն ներս պէտք է կայուն համակարգ մը ստեղծուի եւ բոլորը պէտք է ձեռք ձեռքի տան՝ բարիքը կազմակերպելու համար։ Այս նպատակին յատկացուելիք մշտական աղբիւրներ պէտք է գոյանան, այլապէս դժուար թէ շօշափելի արդիւնք մը արձանագրուի։ Համալսարանական երիտասարդներու համար յատկացուած կրթաթոշակները, յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու համար աշխատանքները կու գան աւելնալ այս բոլորին վրայ։
Խորհրդակցութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ համայնքէն ներս բարեսիրական շարժումները պէտք է խրախուսուին եւ ընդլայնուին՝ լայն խաւերը ծածկոյթի տակ առնելու համար։ Ան կարեւորեց նաեւ ճշգրտօրէն ստուգել կարիքները եւ անպայման համագործակցիլ պետական մարմիններուն հետ։ «Պէտք է ամրապնդել վստահութեան մթնոլորտը եւ խրախուսել մեր ժողովուրդի մասնակցութիւնը այս բարի շարժման», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը՝ դիտել տալով, որ Պատրիարքարանը կը ծրագրէ հանդիպումներու շարք մը կազմակերպել՝ ներառական ձեւով ընկերային օժանդակութեան ոլորտի բոլոր կազմաւորումներուն, աղքատախնամ մարմիններուն եւ վաքըֆներուն հետ քննարկումներ ծաւալելու համար։ Լայնախարիսխ մօտեցումով մշակուելիք համատեղ ծրագրերու վրայ աշխատանքը այս ուղղութեամբ կրնայ ըլլալ առաջին քայլը։