ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ ՄԻՇՏ ՅԱՒԱԿՆՈՏ

Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի շարքերէն ներս ներկայիս արտասովոր աշխուժութիւն կը նկատուի։ Կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլ հանդիպում մը ունեցած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Անգարայի գլխաւոր քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշի հետ։ ՃՀՓ կը նախատեսէ ներքին նախաընտրութիւն մը կազմակերպել՝ հանրապետութեան նախագահի թեկնածուն յստակեցնելու համար։ Կուսակցապետ Էօզէլ աւելի առաջ տեղեկացուցած էր, որ չէր պատրաստուեր թեկնածութիւն առաջադրել։ Վերջին եռակողմանի հանդիպման ընթացքին Եաւաշն ալ տեղեկացուցած է, որ որոշած է չմասնակցիլ նախաընտրութեան։ Այսպէսով, ամենահաւանական թեկնածուն կը դառնայ Էքրէմ Իմամօղլուն։

Տեղական մամուլը լայն տեղ կու տայ Մանսուր Եաւաշի մօտեցումներուն՝ ըստ որոնց, թեկնածուի յստակեցման հարցով միակ չափանիշը պէտք չէ ըլլայ նախաընտրութեան արդիւնքը։ Ան համոզուած է, թէ հարցախոյզներու արդիւնքներն ալ պէտք է հաշուի առնուին, ուրիշ այլընտրանքներ ալ պէտք է արժեւորուին։ Եաւաշ կ՚ընդգծէ, որ ՃՀՓ-ի օրակարգը պէտք է ըլլայ տնտեսութիւնը, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի կրնայ ըլլալ իշխանափոխութիւն ապահովել։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025