ԱՆԼՈՒՐՋ ԱՌԱՋԱՐԿ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ անլուրջ է պաղեստինցիներուն ուղղուած առաջարկը, որպէսզի անոնք աքսորի ենթարկուին հազարաւոր տարիներէ ի վեր իրենց ապրած հողերէն։

Նախագահ Էրտողան, որ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Ասիա, երէկ Քուալա Լումփուրի մէջ մասնակցեցաւ՝ «Նոր դարուն Թուրքիա-Մալեզիա ռազմավարական համագործակցութիւնը» խորագրեալ հաւաքոյթին։ Էրտողանի ուղեւորութիւնը կ՚ընդգրկէ երեք երկիր եւ առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Մալեզիան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ բարձրաձայնուած առաջարկին Էրտողան պատասխանեց Քուալա Լումփուրէն։ Իր խօսքով՝ արեւմտեան աշխարհը շատ վատ քննութենէ մը անցած է 471 օրուան ընթացքին։ «Իսկապէս մեծ անկումի մը ականատես եղանք մարդկային արժէքներու եւ միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ։ Հարիւրաւոր լրագրողներու սպանդը դիտարկած միջազգային մամլոյ կառոյցներն ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները նոյնպէս Կազզէի պարագային դասարանը մնացած են», ըսաւ ան։

Բաց աստի, նախագահը յիշեցուց, որ Կազզէի մէջ աւելի քան 61 հազար հոգի նահատակուած է։ «Դիմադրութեան ուժերու հերոսական պայքարին շնորհիւ Իսրայէլ չէ կրցած հասնիլ իր ռազմավարական նպատակներուն», շեշտեց Էրտողան ու պահանջեց, որ վնասները հատուցուին Իսրայէլի կողմէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025