ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Նիկիոյ Առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի յոբելենական պատրաստութիւնները կը շարունակեն քրիստոնեայ աշխարհի օրակարգին վրայ տեղ զբաղեցնել։ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը այս կապակցութեամբ 24-25 մայիսին Նիկիոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։

Երէկ, Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը այցելեց Պուրսա, ուր Նիկիոյ (Իզնիք) մէջ շրջայց մը կատարեց՝ պատմամշակութային ու կրօնական նշանակութեամբ կառոյցներու։ Նկատի ունենալով, որ Պարթոլոմէոս Ա. եւ Ֆրանսիսքոս Ա. միասնաբար պիտի այցելեն Նիկիա՝ երէկուան շրջայցին մասնակցեցաւ նաեւ տասնչորս կարտինալ։ Իզնիքի քաղաքապետ Քաղան Մեհմէտ Ուստային ալ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ յունաց պատրիարքը։ Այս փուլին ան տեղեկութիւններ քաղեց Իզնիքի թանգարանէն ներս ձեռնարկուած աշխատանքներուն շուրջ։

Տեղական մամուլին մէջ ալ արձագանգ գտած է այս շրջայցը, որու մասնակիցները իրերայաջորդ այցելած են Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Մկրտարանի եկեղեցին եւ այլն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025