ՖԻՏԱՆ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ. ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՁԵՌՔ ԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Անգարա ուշադրութեամբ կը հետեւի Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքի իրադարձութիւններուն։ Սպիտակ տան մէջ շաբաթավերջին ստորագրուած եռակողմանի հռչակագրին կապակցութեամբ Թուրքիոյ դիրքորոշումը արտայայտուած էր արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեամբ։

Բաց աստի, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Անոնք աչքէ անցուցին տարածաշրջանի պարագային ստեղծուած իրավիճակն ու հեռանկարները։

Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան առանցքի իրադարձութիւնները այսօր օրակարգի վրայ կու գան Անգարայի մէջ, կառավարութեան ժողովի ընթացքին, որ կը գումարուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Սպիտակ տան գագաթաժողովէն վերջ «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յոյս յայտնեց, թէ Անգարա կը փոխադարձէ Երեւանի բարի կամքին՝ բանալով սահմանը եւ հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 11, 2025