ՌՈՒՊԻՕ-ԻԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքը մէկ կողմէ կը բնորոշուի միջազգային բեմահարթակի վրայ բուռն մրցակցութեամբ, իսկ միւս կողմէ բարձր մակարդակի սերտ շփումներով։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Իիի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մարքօ Ռուպիօ ընդգծեց հարցերու լայն շրջանակի շուրջ բաց եւ շինիչ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2025