ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՑՈՅՑԵՐ

Ֆրանսայի մէջ ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները դարձեալ հրատապ տեղ կը զբաղեցնեն օրակարգի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն նոր վարչապետ նշանակեց Սեպաստիան Լըքոռնիւն, որ մինչ այդ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէր։ Փարիզի մէջ, Մաթինիոնի պալատէն ներս, Սեպաստիան Լըքոռնիւի եւ այժմ արդէն նախկին վարչապետ՝ Ֆրանսուա Պայրուի միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հերթի փոխանակման արարողութիւն։

Ֆրանսայի նոր վարչապետը՝ Լըքոռնիւ պաշտօնի կը կոչուի՝ համատարած անհանգստութեան մտահոգիչ ազդանշաններով։ Արդարեւ, Փարիզ դարձեալ զանգուածային ցոյցերու թատերաբեմը կը հանդիսանայ։ Սեպաստիան Լըքոռնիւ կառավարութեան ղեկին կ՚անցնի՝ մինչ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի փողոցները հերթական անգամ բողոքի մեծ ալիք մը կը դիմագրաւեն։ Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ ծագեցան բախումներ։

Երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը մատնանշեն, որ նախագահ Մաքրոն իր մերձաւորներէն մէկուն վստահած է վարչապետի պաշտօնը։ Իսկ ծայրայեղ աջի «Ազգային համախմբում»ը նորանշանակ վարչապետին կոչ ուղղեց, որպէսզի տեղի չտայ Հանրապետութեան նախագահի քաղաքականութիւններուն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2025