Հինգշաբթի 15, Յունուար 2026
ԻՇԽԱՆԱՑ ԿՂԶԻՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱՀԱՆԱԾՆԵՐ»Ը ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ
Շաբաթավերջին, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Իշխանաց կղզիները նկարահանածներ» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան: Լուսանկարիչ Ալպերթօ Մոնտիանոյի կողմէ համակարգուած այս ծրագիրը լուսանկարներու եւ տեսագրութիւններու թուային ցուցահանդէս մըն է, որ արդէն երկրորդ անգամ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական սանուցի երդիքին տակ: Բազմաթիւ լուսանկարիչներու որակեալ գործերը համադրած է այս նախագիծը, որ ամէն անգամ նոր բացայայտումներու առիթ կը դառնայ՝ Իշխանաց կղզիներու բնութեան եւ պատմամշակութային ճոխութեան տեսակէտէ:
Ցուցահանդէսի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Պիւյիւքսինքէշեան, որմէ վերջ Ալպերթօ Մոնտիանօ ներածական խօսք մը արտասանեց:
Երկուշաբթի, Յունուար 12, 2026