ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՎՈՔԱԼ ՔԱՌԵԱԿԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, երէկ յետմիջօրէին, Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած աւանդական համերգը: Տարիներէ ի վեր, հետեւողականօրէն այս աւանդութիւնը կենսունակ կը պահուի, իսկ այս տարի համերգը բոլորովին տարբեր մակարդակի մը վրայ էր, ունեցաւ անախընթաց բնոյթ:

Ձեռնարկը պատուեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր:

Յայտագիրը գործադրուեցաւ «Կոմիտաս» վոքալ քառեակին կողմէ, որ հայկական եւ օտար հոգեւոր երաժշտութեան բազմաթիւ նմոյշները մեկնաբանեց իսկապէս տպաւորիչ ձեւով: 

Այս քառեակին մաս կը կազմեն՝ Սուզաննա Կարապետեան, Անդրանիկ Մալխասեան, Սարգիս Մինասեան եւ Լուիզա Երեմեան: Քառեակի վարիչն է Գայիանէ Սահակեան, իսկ երգեհոնահարը Թերեզա Ոսկանեան:

Պոլսահայ երաժշտասէրներուն տեսակէտէ ներկայ տարեմուտին բացարձակ հաճոյքի մը վերածուեցաւ այս երեկոյթը, որու գեղարուեստական ղեկավարն էր մեր համայնքի երաժշտական կեանքի մղիչ ուժերէն Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու: 

Երեկոյթի աւարտին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը: Արձակման փուլին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին արուեստագէտները, որոնց նկատմամբ արտայայեցին իրենց գնահատանքն ու համակրանքը: Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեան եւ գործակից ընկերներն ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին ձեռնարկի մասնակից երաժշտասէրներուն նկատմամբ:

Երկուշաբթի, Յունուար 12, 2026