ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԻՐ ԼԱՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆՆ ՈՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման մասին։ Թրամփ այս առթիւ նշեց, որ մեծ պատիւ էր ստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը։ Փաշինեանի եւ Ալիեւի մասին ան ըսաւ. «Անոնք երկու հրաշալի մարդիկ են եւ մեծ առաջնորդներ։ Անոնք հիմա իմ լաւ ընկերներն են»։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2025