ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Սպիտակ տան մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան գագաթաժողովը ի յայտ բերաւ Հարաւային Կովկասի պարագային՝ վերջին ամիսներուն արդէն ակնյայտ դարձած պարագան։ Արդարեւ, տարածաշրջանէն ներս ԱՄՆ-ի նոր դերը վէճէ դուրս է։ Ուաշինկթընի քաղաքական ներկայութիւնը այլեւս սահմանափակուած չէ միայն միջնորդական առաքելութեամբ։ Ան կը ձգտի ո՛չ միայն խաղաղութեան բանակցութիւնները հովանաւորել, այլեւ ուղղակի մասնակցութիւն ունենալ տարածաշրջանի հաղորդակցութեան, ուժանիւթի եւ անվտանգութեան նախագիծերուն։ Այս ռազմավարական փոփոխութիւնը կը բացատրուի նոյնաժամանակ քանի մը գործօնով՝ Ռուսաստանի ազդեցութեան նահանջ, Եւրոպայի տկարացած վստահելիութիւն եւ ուժային կեդրոններու նոր դասաւորումը։ ԱՄՆ-ի ներկայութիւնը այս փուլին ունի երեք հիմնական ուղղութիւն.

1.- Անվտանգային հովանաւորութիւն- Ուաշինկթըն յստակ ազդակներ կու տայ, որ պատրաստ է զսպել ռազմական քայլերը եւ աջակցիլ խաղաղութեան պահպանման նախաձեռնութիւններուն։ Այս դերը յատկապէս կարեւոր է Հայաստանի համար, որովհետեւ կը ստեղծէ նոր «զսպիչ» համակարգ մը Ատրպէյճանի հնարաւոր ճնշումներուն դէմ։

2.- Տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային ներգրաւում- Ամերիկեան աջակցութիւնը տարածաշրջանային հաղորդակցական ծրագրերուն կը հետապնդէ՝ Հայաստանը տարանցիկ հանգոյցի մը վերածելու նպատակը։ Այսպէսով կապ պիտի ապահովուի Պարսից ծոցէն մինչեւ Սեւ ծով եւ այսպէսով արմատապէս պիտի փոխելուի տնտեսական քարտէսը։

3.- Քաղաքական նոր միջնորդութիւն- ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գործնական լուծարումէն ետք, ԱՄՆ-ի ուղիղ ներգրաւուածութիւնը կը դարձնէ զայն հիմնական միջնորդական հարթակը՝ նուազեցնելով Ռուսաստանի եւ այլ արտաքին խաղացողներու դերակատարութիւնը։

Այս բոլորը կը վկայէ, թէ ԱՄՆ-ի ռազմավարութիւնը այլեւս չի սահմանափակուիր կարճաժամկէտ շահերով, այլ կը միտի տարածաշրջանը կայուն եւ կանխատեսելի դարձնելու՝ ի նպաստ իր տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական նպատակներուն։ Հայաստանի տեսակէտէ այս նոր իրողութիւնը կը ստեղծէ թէ՛ նոր հնարաւորութիւններ եւ թէ մարտահրաւէրներ՝ կարեւորելով ճիշդ կողմնորոշուելու անհրաժեշտութիւնը։

Իրան, որ անմիջական հարեւանն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, երկար տարիներու փորձառութեամբ՝ կը գործէ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու մէջ զգուշաւոր եւ չափուած քայլերով։ Թեհրան կը խուսափի ուղղակի բախման մէջ մտնելէ, բայց, միեւնոյն ատեն, չ՚ուզեր, որ իր սահմաններուն մօտ ըլլան իրադարձութիւններ, որոնք կրնան խախտել ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Իրանի ղեկավարութիւնը բազմիցս շեշտած է, որ չի հանդուրժեր սահմանազատման կամ հաղորդուղիներու հարցերու այնպիսի լուծումներու, որոնք կրնան վտանգել իր աշխարհաքաղաքական շահերը։ Այս զգուշաւորութիւնը թէեւ երբեմն կը մեկնաբանուի՝ որպէս դանդաղ արձագանգ, սակայն, Իրանի քաղաքական մշակոյթին մէջ այս մէկը կը դիտուի՝ որպէս երկարաժամկէտ շահերու ապահովման ռազմավարութիւն։

Ի դէպ, Թեհրանի պարագային յառաջիկայ օրերուն կ՚ակնկալուին կարեւորագոյն իրադարձութիւններ։ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան մօտ օրէն Երեւան պիտի այցելէ։ Ու այս առումով պիտի արժեւորուին մէկէ աւելի հարցադրումներ՝ կապուած Հայաստան-ԱՄՆ-Ատրպէյճան վերջին համաձայնութեան ու այդ պրիսմակէն դիտուած Իրանի վերջնական դերակատարութեան հետ։ Ի դէպ, այսօր ալ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան կ՚այցելէ Թեհրան։

Պէտք չէ մոռնալ, որ Փեզեշքիան վերջին ամիսներուն ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի Թեհրան-Պաքու յարաբերութիւնները վերաթարմանան ու մտնեն բնականոն հունի մէջ։ Իրան ունի դիւանագիտական հարուստ աւանդութիւններ։ Թէեւ այդ երկիրը մեծ վստահութիւն մը չունի Ատրպէյճանի հանդէպ, սակայն, այնպիսի բարդ փուլի մը մէջ յայտնուած է, որ կը խուսափի նոր լուրջ խնդիրներ ունենալէ ո՛չ միայն Պաքուի կամ առհասարակ իր միւս բոլոր հարեւաններուն, այլեւ Թուրքիոյ հետ, որու տարածաշրջանէն ներս դերը դարձած է շատ կարեւոր։

Իրանի այս տեսլականը, բնականաբար, պիտի աշխատի ու պէտք է աշխատի Հայաստանի պարագային։ Իրան մինչեւ հիմա Ատրպէյճանը քննադատելու քաջութիւնը չունեցաւ՝ նոյնիսկ Իսրայէլի կողմէ իր վրայ գործուած մեծ յարձակումին ժամանակ։ Ուստի, ան այսօր եւս ըսելու բան մը չի կրնար ունենալ՝ ամերիկեան նոր դերակատարութեան դէմ։ Հայաստանի հարաւային դարպասի մէկ հատուածին վրայ ամերիկեան դրօշներու ծածանումը չի կրնար վրդովեցնել Իրանը։ Ճիշդ է, որ անցեալ օրերուն Իրանի զանազան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ այս առումով ժխտական արտայայտուեցան։ Բայց եւ այնպէս, սա երբեք չի կրնար նշանակեր, որ Թեհրան համաձայնութիւնը խանգարելու ուղղութեամբ պիտի աշխատի կամ քայլեր պիտի առնէ՝ տարածաշրջանը ապակայունացնելու համար։ 

Իրան ունի իր ներքին օրակարգը ու այդ առումով ալ պարտաւոր է հաշուի նստիլ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած նոր դրութեան հետ՝ մանաւանդ, որ այս խնդրով եւս որոշակիօրէն անհանգստացած Ռուսաստանը նոյնպէս պատրաստ չէ յստակ քայլեր առնելու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2025