ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒՄԸ
Թէ՛ առաջ եւ թէ այսօր պատմաբանները, կարծես, կը նեղուին, երբ ոեւէ մէկը կողքէն կ՚արձանագրէ, որ իրենց գրած դասագիրքը կ՚արտացոլէ օրուայ իշխանութեան տեսակէտը։ Օրինակ, ժամանակին 2008-ի մարտի 1-ի իրադարձութիւններու համար դասագիրքերու մէջ ամբողջ մեղքը բարդուած էր ցուցարարներուն վրայ։ Հիմա կը շեշտուի իշխանութեան մեղքը, ինչ որ անձամբ ինձ աւելի սրտամօտ է։ Բայց ես չէի աճապարեր պարագայով մը մարդոց մեղադրել «իշխանութիւններուն ծառայելով», իսկ այլ պարագայով՝ շքանշան տալ «ակադեմական բարեխղճութեան» համար։
Կը շարունակենք պնդել, որ այն հարցերուն մէջ, որոնք կը վերաբերին նորագոյն պատմութեան, այսինքն՝ այն իրադարձութիւններուն, որոնց մասնակիցները ուղղակի կամ անուղղակի կը շարունակեն ազդել ներկայ քաղաքական անցուդարձի վրայ, դասագիրքը չի կրնար չարտաբերել գործող իշխանութեան պատումը։
Առնենք, Հոկտեմբերեան մեծ ընկերվարական յեղափոխութիւնը։ Այժմ մենք կասկածներ ունինք, թէ սա «մեծ» էր՝ պոլշեւիկները խոշոր քաղաքներու մէջ գործող փոքրաթիւ խմբակներ էին՝ ահռելի կայսրութեան ծաւալով։ Վստահ չենք նաեւ, թէ այդ մէկը ընկերվարակա՞ն էր. ընկերվարականութիւնը՝ որպէս մարդոց հաւասարութիւնը քարոզող գաղափար, այստեղ կապ չունի։ Խումբ մը մարդիկ յեղաշրջում կ՚իրականացնէին եւ յետոյ ամբողջատիրութիւն հաստատած՝ ի՞նչ ընկերվարականութիւն։ Այո, բանուորներու եւ նաւաստիներու ինչ-որ ջոկատ ներխուժած էր Ձմեռնային պալատ եւ իշխանութենէ զրկած քիչ թէ շատ օրինական ժամանակաւոր կառավարութիւնը։ Ինչպէ՞ս անուանակոչել այս բանը՝ ես չեմ գիտեր։ Բայց քանի կար այն պետութիւնը, որ յառաջացած էր այդ իրադարձութիւններու արդիւնքով, ապա այդ պետութեան համար աշխատող պատմաբանները, նոյնիսկ «ակադեմիապէս բարեխիղճ» ըլլալով, սա կ՚անուանէին «Հոկտեմբերեան մեծ ընկերվարական յեղափոխութիւն»։ Երբ այդ պետութիւնը փլուզուեցաւ, այդ եզրն ալ դարձաւ ոչ-պարտադիր։
2018 թուականի իրադարձութիւնները անոնց կազմակերպիչները կ՚անուանեն «ժողովրդավարական, ոչ-բռնի, թաւշեայ յեղափոխութիւն»։ Իսկ անոնք, «որու դէմ» այդ յեղափոխութիւնը իրականացուած է, նոյն իրադարձութիւնները կ՚անուանեն, ենթադրենք, «սովորական յեղաշրջում» կամ «թուրք-ատրպէյճանական ծրագրերու իրագործում»։ Քանի տակաւին իշխանութեան գլխուն են անոնք, որոնք իրականացուցած են այդ յեղափոխութիւնը, պատումը կ՚ըլլայ «թաւշեայ»։ Երբ իշխանութիւնը փոխուի, պատումը կը դառնայ «թուրք-ատրպէյճանական»։
«Իսկ ի՞նչ էր սա իրականութեան մէջ», կը հարցնէք դուք։ Դարձեալ պիտի ըսեմ՝ չեմ գիտեր։ Ոչ ոք, կարծեմ, չի գիտեր, չի կրնար «բարեխիղճ» ըլլալ առնուազն այնքան ժամանակ, որ ֆիզիքապէս գոյութիւն ունին շահագրգիռ կողմերու ներկայացուցիչները։ Այդ պատճառով ճիշդ կ՚ըլլայ, որ պատմաբանները այդ իրադարձութիւններուն առայժմ չանդրադառնան։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի