ԹՐԱՄՓ-ՄԱՔՐՈՆ ԶՐՈՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին կանգ առին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին ու Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն վրայ։

Բարձր մակարդակի այս շփումի լոյսին տակ Մաքրոն գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ։ «Մենք քննարկեցինք Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի պատերազմի ահագնացող իրադարձութիւնները՝ մասնաւորապէս կապուած ռուսական անօդաչուներու ներխուժման հետ Լեհաստանի տարածք։ Մենք նաեւ բաժնեցինք մեր մտահոգութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան վերաբերեալ՝ Քաթարի վրայ Իսրայէլի հարուածներէն յետոյ։ Եւրոպացիներու եւ ամերիկացիներու միջեւ սերտ համագործակցութիւնը առանցքային է այս ճակատներէն իւրաքանչիւրին վրայ։ Միասին մենք կրնանք վճռորոշ ներդրում ունենալ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատման ուղղութեամբ», արձանագրեց Մաքրոն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2025