TRIPP-Ի ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով գրասենեակի ղեկավար Պրենտա Հենրեհեն այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այցելութեան ընթացքին տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը խթանելու ուղղութեամբ ԱՄՆ-Հայաստան ընդհանուր յանձնառութիւնը կ՚ընդգծուի, ինչ որ կը զարգացնէ կողմերու ռազմավարական գործընկերութեան հիմքերը։ Ամերիկեան կողմը տեղեկացուցած է, որ կը շարունակէ ամրապնդել երկկողմանի կապերը ու դիտարկել համագործակցութեան հնարաւորութիւնները փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ առանցքային ուղղութիւններով։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ հիւրընկալեց ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։ Այս առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ ԱՄՆ մտադիր է Հայաստանին տրամադրել 145 միլիոն տոլար աջակցութիւն։ Այս մէկը պիտի ըլլայ՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած փաստաթուղթերով նախատեսուած TRIPP-ի ծրագիրը կեանքի կոչելու բաղադրիչներէն մին։ Այսպէս, սոյն յատկացումը գանձատրման առաջին մասնաբաժինն է TRIPP-ի համար՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման։
Սոյն նախագիծը եւ օգոստոսի 8-ին ձեռք բերուած յարակից պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը՝ առեւտուրի, ենթակառուցուածքներու, կարեւորագոյն հանքանիւթերու մատակարարման շղթաներու եւ միջսահմանային անվտանգութեան ասպարէզներու մէջ ներդրումներու աջակցութիւն կը նախատեսէ։
Փոխ-վարչապետ Գրիգորեան բարձր գնահատեց Ուաշիկնթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Ան յոյս յայտնեց, թէ համատեղ ջանքերով հնարաւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագրերու շրջանակներէն ներս զարգացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները։
Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումներն ու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները։ Անոնք անդրադարձան TRIPP-ին՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նախագիծը կեանքի կոչելու կարեւորութիւնը շեշտելով։
Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Քրիստինա Քվին։
Վերջին օրերուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտնած էր, որ ամերիկեան կողմին հետ յառաջիկային կը նախատեսուին քննարկումներ՝ ներառեալ TRIPP-ի կեանքի կոչման ուղղութեամբ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ նախընթաց օր խորհրդարանի ամպիոնէն տեղեկացուցած էր, որ ամերիկեան կողմին հետ աշխատանքները ընթացքի մէջ են։