ՎՃՌՈՐՈՇ ԼՈՒՐՋ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց ՆԱԹՕ-ի մօտ հաւատարմագրուած զանազան երկիրներու դեսպանները, որոնք այցելեցին Երեւան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը նշեցին համագործակցութեան զարգացման եւ շարունակականութեան կարեւորութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի կողմէ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղեալ որդեգրուած քաղաքականութիւնը։ Այդ համատեսքին մէջ վարչապետը անդրադարձաւ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած Ուաշինկթընի հռչակագրին, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ համաձայնագրի նախաստորագրման։

Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ միջազգային գործընկերներու՝ ներառեալ ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան օրակարգի յառաջ մղման։ 

Դեսպանները ողջունեցին Ուաշինկթընի հռչակագրի ստորագրումը եւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը։ Անոնք այդ իրադարձութիւնները որակեցին՝ որպէս վճռորոշ քայլեր տարածաշրջանէն ներս երկարաժամկէտ կայունութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։ Անոնք նաեւ բարձր գնահատեցին Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան, Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգին եւ միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ շարք մը հարցերու շուրջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2025