ԳԱՂԹԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թաճանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարներու զրոյցը ընթացաւ բարեկամական ու դրական մթնոլորտի մը մէջ։
Թուրքիա եւ Իտալիա ներկայիս կը ձգտին գաղթականներու հարցին շուրջ համագործակցութիւնը ամրապնդել։ Այս ամբողջին մէջ Անգարա-Հռոմ առանցքին վրայ առաջնահերթ դարձած է Միջերկրականէ ներս մարդոց մաքսանենգութեան դէմ պայքարը։ Սա Իտալիոյ հարաւային սահմաններու ամրապնդման տեսակէտէ ունի լուրջ նշանակութիւն եւ Հաքան Ֆիտանի այցելութեան ընթացքին ստորագրուած է համապատասխան փաստաթուղթ մը։
Երկու նախարարները շեշտած են, որ Թուրքիա եւ Իտալիա ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ եւ ռազմավարական գործընկերներ կը հանդիսանան։ Ուստի, ներկայիս անոնք կեդրոնացած են իրենց կապերը ա՛լ աւելի ամրապնդելու վրայ։